
ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Ապրիլ 22ին, Արեւմտեան Ափի Ռամալլա քաղաքին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պաղեստինեան «Ֆաթհ» շարժումէն պատուիրակութեան մը հետ՝ գլխաւորութեամբ «Ֆաթհ»ի կեդրոնական կոմիտէի անդամ, միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատու, պաղեստինեան օրէսնդիր խորհուրդի անդամ դոկտ. Նապիլ Շաաթի։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-պաղեստինեան յարաբերութիւնները եւ երկու կողմերուն միջեւ աշխարհի տարածքին համագործակցութեան ծիրերը։ Հասարակաց հետաքրքրութիւնը հանդիսացող հարցեր, միջկուսակցական յարաբերութիւններ եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութեանց վերաբերող նիւթեր քննարկուեցան բարեկամութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան մթնորոլտի մէջ։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան դոկտ. Շաաթի շնորհակալութիւն յայտնեց, Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած բարեկամութեան եւ հետաքրքրութեան համար։ Դոկտ. Շաաթ, իր կարգին ընդգծեց երկու ժողովուրդներուն միջեւ գտնուող նմանութեան բազմաթիւ երեւոյթները։ Երկու կողմերը շեշտեցին բազմաթիւ ճակատներու վրայ ՀՅԴ-«Ֆաթհ» համագործակցութեան մակարդակը շարունակ բարձրացնելու կարեւորութիւնը։
Նշենք, որ երկու կուսակցութիւններն ալ Ընկերվար միջազգայնականի անդամներ են։