Ծաղկազարդի օրը, Կիրակի, Ապրիլ 17ին հոգեկան ցնծութեան ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուած էր առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, ուր առաջնորդ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան հանդիսապետեց ժամերգութեան եւ Ս. պատարագին: Պատարագեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան, իսկ օրուան խորհուրդին մասին քարոզեց առաջնորդը:
Պատարագին ներկայացան նաեւ «Վերապրողներու արշաւ»ին մասնակիցները՝ առաջնորդարանի երիտասարդաց վարիչ Աւետիս քհնյ. Աբովեանի գլխաւորութեամբ: Առաջնորդը գնահատանքով անդրադարձաւ սոյն նախաձեռնութեան եւ ապա ժողովուրդին իրազեկ պահեց այն մասին, որ քայլարշաւին մասնակից երիտասարդները այս առիթով ձեռնարկած էին 15,000 տոլարի նուիրահաւաքի մը՝ կառուցելու համար Տաւուշի մէջ կարիքաւոր ընտանիքի մը բնակավայրը: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն: