ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հրատարակուած «Տաճար»(1) կրօնական շաբաթաթերթի մատենագիտութիւնը կատարած միջոցիս, 1994 տարուան ընթացքին, պատահաբար հանդիպած էի Ներսէս եպս. Դանիէլեանի(2) ստորագրութեամբ «Սուինահար Մաշտոցը»(3) վերնագրուած սրտառուչ յօդուածին:
Վերոյիշեալ յօդուածը կարդալով, ատենին զայն ընդունած էի իբրեւ բարբարոս թուրքին խժդժութիւնները ներկայացնող յաւելեալ պատկեր, եւ 1915ի անոր արիւնարբուի ախորժակներէն դեռ վեց տարիներ առաջ պատահած իբրեւ տխուր դէպք: Սակայն պատահաբար հաստատելով, թէ յօդուածին մէջ յիշուած նոյն Տ. Պետրոսը՝ Հասան Պէյլիի(4) քաջարի քահանան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի հօրենական մեծ մօր՝ Թամամի հայրն էր(5), ուզեցի լուսարձակի տակ բերել Տէր Հօր նահատակութեան քստնելի ոճիրը, որուն իսկական վրէժը իր ծոռը՝ վեհափառ հայրապետը կը լուծէ այսօր, Կիլիկեան տարագիր Ս. Աթոռի աշխարհատարած առաքելութեամբ ու միջազգային բեմերու վրայէն:
Ատանայի հարեւանութեամբ գտնուող ամբողջութեամբ հայաբնակ գիւղ էր Հասան Պէյլին, որ 1909ի բարբարոսական ջարդէն չկրցաւ զերծ մնալ: Այդ գիւղի 80ամեայ քաջ հովիւին ոդիսականն է «Տաճար»ի մէջ հրատարակուած գրութիւնը, Ներսէս եպս. Դանիէլեանի ազդեցիկ գրիչով:
Սսականը կը նկարագրէ, թէ՝ թուրք անկանոն զինուորներու վոհմակին դէմ եռօրեայ անհաւասար, բայց քաջարի կռիւ մղելէ ետք, երբ զինամթերքը կը սպառի, հայ կռուողները կ՛ապաստանին Ամանոսի լեռները: Ծերեր, կիներ ու երեխաներ գիւղէն քիչ մը անդին գտնուող տափաստանը(6) կը փախչին, երբ գիւղը կրակի կու տայ թշնամին: Մինչեւ առաւօտ, անպաշտպան այս ժողովուրդը լաց ու կոծով կ՛անցընէ: Իսկ երբ լոյսը կը բացուի, զինուած ամբոխը կը յարձակի անոնց վրայ ու անխնայ հարուածելով բոլորը, վիրաւոր ու կիսամեռ կը քաշկռտէ Պախճէի կառավարատունը, անոնց մէջէն ընտրելով անշուշտ երիտասարդ ու գեղանի աղջիկները:
Անպաշտպան այս ժողովուրդին բացօթեայ ապաստանարանէն քիչ մը անդին, լեռներու ստորոտին, ծառերու ու թուփերու ետին պահուըտած կը մնան գիւղին քահանան եւ քանի մը տասնեակ անձեր, այր եւ կին:
Քիլիսէն եկած զինուորներ, որոնք Ատանան ու շրջակայքը կոտորող խուժանին օժանդակութեան հասած էին, ամբողջ շրջանին մէջ փող կը հնչեցնեն ու դուրս կը կանչեն ապաստանած հայերը: Անոնք նոյնիսկ երդում կ՛ընեն իրենց մարգարէին անունով, թէ ո՛չ մէկ վնաս պիտի հասցնեն, այլ ապահովութիւն պիտի տան: Քիչ ետք, ժայռերու ծերպերէն ու մացառներու ետեւէն դուրս կու գան Հասան Պէյլիի չյօշոտուած հայորդիները, որոնք կառավարութեան ու բանակին կողմէ պաշտպանուելու յոյսով կը դիմեն զիրենք փնտռողներուն: Եւ ահա կը սկսի երկրորդ ու կանոնաւոր ջարդը…:
Բոլորէն առաջ, Հասան Պէյլիի ութսունամեայ Տ. Պետրոս քահանան կրօնափոխ ըլլալու ստիպողութեան առջեւ կը դնեն: Տէր հայրը գետնէն ափ մը հող առնելով կ՛աղօթէ, ապա բերանը դնելով, զինք շրջապատած արիւնկզակ թուրքերուն կ՛ըսէ, թէ արդէն ութսուն տարեկան է, ու մեռնիլը աւելի նախընտրելի կը գտնէ, քան՝ կրօնափոխ ըլլալը: Ան կ՛ըսէ նաեւ, թէ վստահելով օսմանցի զինուորներու պարկեշտութեան, այդ մի քանի ընտանիքներով դուրս եկած էին թաքստոցէն, ու ներկայացած իրենց: Ուստի, գիտնալով կազմակերպուած դաւադրութիւնը, Տ. Պետրոս կ՛առաջարկէ անոնց, գնդակահարել զինք, խնդրելով որ ճիշդ սրտէն զարնէն, որպէսզի շատ չտանջուի: Միաժամանակ կը խնդրէ որ զինք սպաննեն, սակայն խնայեն իր անմեղ հօտը: Վոհմակը աւելի հաճոյացած այս առաջարկով, ու մանաւանդ զայրացած՝ առաջարկուած կրօնափոխութեան մերժումէն, տեղւոյն վրայ կը գնդակահարեն քահանան, ու սուիններով կը ծակծկեն անոր մարմինը: Անշուշտ անոր երկրորդ փափաքը չեն գործադրեր, նահատակելով բոլորը:
Այս ջարդէն հինգ օր ետք, Ամանոսի լեռները ապաստանած ու ողջ մնացած հայութիւնը երբ իր աւերակ գիւղը կը վերադառնայ, առաջին իսկ առիթով կը սկսի հարազատներու ու համագիւղացիներու տանջահար դիակները հաւաքել, թաղելու եւ գիշակերներէ փրկելու համար զանոնք: Ահա այս միջոցին կը գտնեն նաեւ Տ. Պետրոսին մարմինը, ու երբ անոր ծակծկուած ու լերդացած արեամբ պարեգօտը կը հանեն վրայէն, սրտին մօտ կարուած գրպանին մէջ կը գտնեն Ծիսարան-Մաշտոցը, որ տէր հօր սրտին հետ սուինահար եղած էր, փայտեայ կաշեպատ կազմին վրայ խոր հետք ձգելով(7):
1909ի Ատանայի կոտորածին, Ատանայի առաջնորդ Մուշեղ եպս. Սերոբեանի Եգիպտոս գտնուելուն պատճառաւ, առաջնորդական աթոռը թափուր կը մնայ: Թէեւ Մուշեղ եպիսկոպոս ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հասնելու Ատանա, սակայն վերջին պահուն կ՛արգիլուի իր մուտքը, իբրեւ ըմբոստութիւններու կասկածելի ղեկավար:
ՏՏ Սահակ Բ. կաթողիկոս, տառապեալ հօտը անգլուխ չթողելու հայրական հոգածութեամբ, Ներսէս եպս. Դանիէլեանը կը նշանակէ առաջնորդ Ատանայի թեմին: Ներսէս սրբազան, տառապակոծ հայութիւնը սփոփելու համար թեմական այցելութիւններ կը կատարէ իր թեմի բոլոր շրջաններն ու գիւղերը:
Վերոյիշեալ յօդուածին մէջ իր նկարագրականը շարունակելով, Սսական կ՛ըսէ, թէ երբ Հասան Պէյլի կը հասնի, կը պատմեն իրենց գիւղին պատահած մեծ դժբախտութեան ու իրենց քաջարի հովիւին՝ Տ. Պետրոսի նահատակութեան դէպքը: Այդ առիթով կը բերեն, ցոյց կու տան ու իրեն կը յանձնեն նահատակ տէր հօր սուինահար Մաշտոցը: «Ես իբր արիւնոտ յիշատակ մը առի ադ սուինահար Մաշտոցը, յանձնելու համար Կիլիկիոյ Ս. կաթողիկոսին, որպէսզի յատուկ յիշատակագրով մը պահել տան վանքին գանձարանը»(8), կը գրէ Ատանայի նոր առաջնորդը:
Այնուհետեւ Սսական եպիսկոպոս յուզումնախառն տողերով կը գրէ, թէ ինչպէս նոյն արիւնոտ Մաշտոցը ծոցին, կը շրջի իր թեմի տարբեր շրջանները, ու զանազան եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարէ, դժբախտ ժողովուրդին հոգեւոր կարիքներուն բաւարարութիւն տալով: Ան կ՛ըսէ, թէ երբ նախապէս վաթսուն հոգի հաշուող Ֆասըլլը հայկական գիւղը կը հասնի, ուր միայն 5-6 այր մարդ մնացեր էր ջարդէն ետք, տարեց այրի կիներ կը խնդրեն, որ չորս անկնունք երախաներ մկրտէ: Սրբազանը անմիջապէս տաշտի մէջ ջուր տաքցնել կու տայ եւ կիներու լաց ու կոծին միացած երգեցողութեամբ իր արարողութիւնը կը կատարէ: Այնքան սրտաճմլիկ պահը նկարագրելով, Սսական կ՛ըսէ թէ ոչ միայն անոնք կու լային, այլ նաեւ իր լացին պատճառ կը դառնային:
Անունները կոչելու պահուն, Սսական եպիսկոպոս կը մտածէ վերջին օրերու նահատակ նշանաւոր դէմքերու մասին, բայց տեսնելով առաջին մանչին կայծկլտուն աչքերը ու տոկուն մարմինը, մէյ մըն ալ նայելով իր ձեռքի արիւնոտ ու սուինահար Մաշտոցին, յանկարծական բխումով, առաջին երախային անունը Սուին կը դնէ…:
Ներսէս եպս. Դանիէլեան թէեւ փրկուած էր Ատանայի կոտորածէն, սակայն պիտի չկարենար խուսափիլ հայ ժողովուրդի 1915ի հաւաքական սպանդէն՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն: Սակայն նուիրեալ հոգեւորականը կրցած էր փրկել սուինահար մաշտոցը, զայն յանձնելով Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոսին: Տեղահանութեան օրերուն, երբ մարդկային հոգիներ կը հնձուէին թրքական անգութ մանգաղին կեր դառնալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տարաբախտ հայրապետը ու բուռ մը միաբանութիւնը, իրենց կուրծքին տակ պահելով փրկեցին այն՝ ինչ որ կրնային ազատել Սիսի կաթողիկոսարանէն, իբրեւ մշակութային արժէք ներկայացնող ազգային ժառանգութիւն, նախքան այդ դարաւոր սրբավայրին ոտքի կոխան դառնալը ու աւերուիլը ճիւաղներու ձեռքով(9): Այդ ափ մը հարստութեան մէջ իր տեղը ունեցած էր ձեռագիր այս Մաշտոցը, որ այլ հարստութեանց հետ հրաշքով կոտորածէ փրկուելով, այսօր կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի ձեռագրաց հաւաքածոյին մէջ(10):
Դժբախտաբար Սսականի առաջարկած յիշատակագիրը(11) չգտանք անոր մէջ, սակայն էջերէն մէկը, Ղուշախճի Մահտեսի Պետրոսին պատկանիլը կը նշէ, որ հեռու չէ կարծելէ, թէ Երուսաղէմ ուխտի գացած Տ. Պետրոսին տրուած փաղաքշական կոչում մըն էր այդ գիւղական շրջանակի մէջ: Սոյն Մաշտոցին ձեռքէ ձեռք անցած ըլլալն ալ անսովոր երեւոյթ չէ, ինչպէս այլ էջի մը ծայրը գրուած «Տէր Ակոբին է» յիշատակագրութիւնը ցոյց կու տայ: Սովորական էր նման ծիսագիրքերու մէկ հոգեւորականէ միւսին ժառանգուիլը, յատկապէս երբ անիկա ձեռագիր ու հազուագիւտ հատոր էր:
Պատմութեան անիւը տէր Պետրոսին ծորը կը նստեցնէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահուն, պահապանը ըլլալու իր պապուն Սուինահար Մաշտոցին, որ նուիրական սրբութիւններէն մէկն է հայու արիւնով օծուած ու նուիրականացած մեր Սուրբ Աթոռին:
Հայ եկեղեցական ու ազգային սրբութեանց պահպանութիւնը կատարելու յաջորդականութեան այս շղթան անգամ մը եւս կը ճշմարտէ, անմահանուն Թէոդիկի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրած՝ «Ազգը չէ՛ մեռած եւ անհնար է որ մեռնի» գիրքին խորիմաստ վերնագիրը:
(1) 1909 Նոյեմբերէն մինչեւ 1918 Մարտ: Խմբագիր՝ Զարմայր քհնյ. Կէզիւրեան: Օգնական՝ Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Դուրեան: 1914էն ետք, դարձած է երկշաբաթաթերթ (Տես Մատենագիտութիւն «Տաճար» կրօնական շաբաթաթերթի, Գր. վրդ. Չիֆթճեան, «Հասկ» հայագիտական տարեգիրք, նոր շրջան, Թ. տարի, տպ. Անթիլիաս, 1997-2001, էջ 489):
(2) Իր յօդուածները միշտ «Սսական Վարդապետ» ծածկանունով ստորագրած է Ներսէս սրբազան: 1911ին, Սիսի մէջ ՏՏ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի ձեռամբ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած էր, եւ այնուհետեւ իր յօդուածներուն տակ ստորագրած «Սսական Եպիսկոպոս» ծածկանունը, կամ պարզապէս իր անունը: Նահատակուած է 1915ին:
(3) Տաճար, ժողովրդային Շաբաթաթերթ, կրօնական, ազգային, գրական, Բ. տարի, Շաբաթ, 30 Ապրիլ 1911, թիւ 16, էջ 249-250:
(4) 1.848 անձ հաշուող բնակչութիւն ունէր 1909ի վիճակագրութեան համաձայն, որուն 1.544ը հայ առաքելական, իսկ 304ը հայ աւետարանական էին: Ունէր մէկ եկեղեցի եւ երեք քահանայ հայրեր՝ Պետրոս քահանայ, անոր որդին՝ Յովհաննէս քահանայ եւ Ներսէս Քահանայ: (Տ. Պետրոսը աւագերէցը ըլլալով, շատ հաւանաբար ի՛նք իբրեւ պատգամաւոր ներկայ եղած էր Ատանայի մէջ ՏՏ Սահակ Բ. կաթողիկոսի ընտրութեան ժողովին, 12 Հոկտեմբեր, 1902, եւ այդ առթիւ քաշուած լուսանկարին մէջ երեւցող քահանաներէն մէկը ըլլալը կարելի է ենթադրել): Հասան Պէյլիի, Պախճէի եւ շրջակայքի մէջ նահատակուողներուն ընդհանուր թիւը 2.623 եղած է: Միայն Հասան Պէյլիի մէջ 500 բնակարան աւերուած է: Առաջին կոտորածէն, Հասան Պէյլիի մէջ որբացած են 207 մանուկներ: (Տես Բ. Եղիայեան, «Ատանայի Հայոց Պատմութիւն», տպ. Անթիլիաս, 1970, էջ 150-151, 267-271):
(5) Վեհափառ հայրապետին հետ մի քանի կարճ հարցազրոյցներ ունենալով, հաստատեցի այս իրողութիւնը, եւ նորին սրբութենէն իմացայ, թէ մեծ մայրը այնքան հպարտ էր Տէր Պետրոսին դուստրը ըլլալուն, որ յաճախ կը նախընտրէր «Տէր Պետրոսին աղջիկը» կոչուիլ, քան՝ իր բուն անունով: Արամ վեհափառ նաեւ ի՛նք հաւաստիացուց, թէ մեծ մօր փափաքով, իր անդրանիկ թոռան (իմա՛ իր) անունը Պետրոս կնքուած էր մկրտութեան պահուն, ի յիշատակ թէ՛ իր վաղամեռիկ որդւոյն՝ Պետրոսին, եւ թէ մանաւանդ իր հօր՝ նահատակ Տէր Պետրոսին: Տէր Պետրոս ունեցած է նաեւ քահանայ այլ զաւակ՝ Տ. Պօղոս, դարձեալ նահատակ, որուն յիշատակին, մկրտութեան պահուն Պօղոս կոչուած է վեհափառ հայրապետին եղբայրը: Այս յիշողութիւնները կարելի եղած էր ատենին քաղել նորին սրբութեան մեծ մօրմէն՝ Թամամէն, իր յառաջացեալ տարիքին մէջ, իսկ վերջերս անոնց աղօտ յիշատակները՝ վեհափառին հօրեղբօրմէն՝ Յովսէփէն, դարձեալ յառաջացեալ տարիքին:
(6) Այդ տափաստանին վրայ հետագային եկեղեցի ալ կը յաջողին շինել հայեր, որ 1911ի Ապրիլ ամսուն, Ատանայի կուսակալ Ճէմալ Պէյ քանդել կու տայ (Տես, «Տաճար», նոյն անդ, էջ 249-250»:
(7) Սոյն Մաշտոցին ձեռագիր ըլլալուն, ու անոր ճակատագրին մասին ակնարկութիւն ունի Սուրէն Քոլանճեան, իր «Հայկական կոտորածները եւ մեր ձեռագրական կորուստները» անուն յօդուածաշարքին մէջ, ուր կ՛ըսէ, թէ չի՛ գիտեր թէ ի՞նչ եղած կրնայ ըլլալ «Սուինահար Մաշտոց»ին: Ան կը խորհի թէ անիկա ալ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին զայն յանձնող Ներսէս եպս. Դանիէլեանին նման, զոհ գացած կրնայ ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան (Տես «Էջմիածին) ամսագիր, Փետրուար-Մարտ-Ապրիլ, Բ.,Գ.,Դ., 1965, էջ 106):
(8) Տես «Տաճար», Բ. Տարի, 1911, էջ 250:
(9) Սիսի Մայրավանքին դարաւոր անգին հարստութիւնը փոխադրող վանքի կարաւանին սրտաճմլիկ պատմութիւնը (Տես Խադ Արք. Աջապահեանի յուշերուն մէջ «Վանքին Կարաւանը» վերնագրուած, Բ. Եղիայեան, Ժամանակակից Պատմութիւն Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Տպ. Անթիլիաս, 1975, էջ 166-169):
(10) Անուշաւան վրդ. Դանիէլեան, իր «Ցուցակ Ձեռագրաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան» գործին մէջ, Տպ. Անթիլիաս, 1984, էջ 401-402, նկարագրելով ձեռագիր թիւ 126 Մաշտոցը, հետեւեալ տեղեկութիւնը կը հաղորդէ. «Գրիչ՝ Ստեփանոս Երէց: Թերթ՝ 163. Նիւթ՝ թուղթ: Մեծութիւն՝ 14×10.4: Գրութիւն՝ միասիւն: Գիր՝ նօտրգիր: Կազմ՝ շագանակագոյն դրոշմազարդ կաշեպատ տախտակ, աստառը սրճագոյն կտաւ: Ա. փեղկին վրայ պղնձեայ փոքրիկ խաչ մը: Վիճակ՝ խոնաւութենէ գունափոխուած, կազմը ցեցակեր, քերծուած, եզրերը մաշած եւ կռնակը վնասուած, կապիչներն ու փականները ինկած»: Լաւապէս քննելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մեր ձեռագրաց հաւաքածոյին մէջ գտնուող 126 թիւը կրող Մաշտոցը, յատկապէս անոր գունաթափուած ու մուգ հետքեր կրող էջերը, կազմին Ա. երեսին մեծ վէրքը, ամէն հաւանականութիւն ունինք ենթադրելու, որ անիկա Տէր Պետրոսին կուրծքին վրայ գտնուող գիրքն էր, որուն կողքի խոր հետքը, թրքական սուինին բացած վէրքն էր, որ առանց Սսականի յօդուածին ուսումնասիրութեան, դժուար ըլլար կռահել, թէ ի՞նչը կրնար պատճառ եղած ըլլալ այդ խոցին:
(11) Կը խորհինք, որ Ներսէս եպս. Դանիէլեանի առաջարկած յիշատակագիրը, մահու կենաց փախստական գաղթականութեան՝ Կիլիկիոյ մայրավանքի պարպումի միջոցին, շատ հաւանաբար կրնայ ինկած ու կորսուած ըլլալ, եթէ մէջը դրուած էր իբրեւ յաւելուած թուղթի արձանագրութիւն, կամ՝ բնաւ չէր գրուած, նկատի առնելով այդ վճռական օրերու կեանքի անապահովութիւնն ու կացութեան անորոշութիւնը: