ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Եթէ աշխարհի պետութիւնները իրենց միջազգային կառոյցներով անկարող են դադրեցնել ատրպեճանական ռազմական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան վրայ, ապա հայկական զինեալ ուժերը պէ՛տք է գտնեն համոզիչ պատասխանը այս սադրանքներուն, որոնց զոհ կ՛երթան հայ զինուորներ:
Այո, հայկական բանակը ատրպեճանական իւրաքանչիւր յարձակումի կը պատասխանէ ու աւելի մեծ թիւով զոհեր կը պատճառէ թշնամիի ուժերուն: Սակայն այս մաշումի պատերազմը չի կրնար հանդուրժելի ըլլալ հայկական կողմին, որուն տուած իւրաքանչիւր զոհ, ծանր ու անվերականգնելի կորուստ է:
Ատրպեճանական մարտավարութիւնը, որ կը միտի մէկ կողմէ բարոյալքել հայկական բանակը եւ հասարակութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ սեփական ժողովուրդը հայրենասիրական ոգիով ներշնչել ու շեղել անոր ուշադրութիւնը տնտեսական ու քաղաքական անտանելի պայմաններէ, կարծես յաջող կը նկատուի Ալիեւի ու իր խորհրդականներուն կողմէ: Փաստը այն է, որ նոյն մարտավարութիւնը կը կիրարկուի նախանձելի հետեւողականութեամբ՝ անտեսելով թէ՛ միջազգային յորդորները եւ թէ վճռական պատասխան տալու հայկական սպառնալիքները:
Կարելի է ենթադրել, որ հայկական կողմը տակաւին կը խուսափի վճռական գործողութեամբ մը հակամարտութիւնը տեղափոխելէ ուղղակի ճակատային պատերազմի հարթութեան վրայ, որ չափազանց ծանրակշիռ հետեւանքներ կրնայ ունենալ ամբողջ տարածաշրջանին համար: Այսուհանդերձ, եթէ հայկական քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութիւնը չգտնէ պատասխանի ամէնէն ազդեցիկ ու ամէնէն համոզիչ տարբերակը, ապա ինք դժուարութեան պիտի մատնուի՝ հանդիպելով ժողովրդական զանգուածներու ընդվզումի ու բողոքի արտայայտութիւններուն:
Ատրպէյճանը պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ հասկնայ, որ պէտք է վերջ տայ իր սադրանքներուն, այլապէս…