ԵՐԵՒԱՆ. ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, որ Ուրբաթ, Ապրիլ 29ին Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէն հանդիպեցաւ խորհրդարանական ընդդիմութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին Կարծիքներ փոխանակուեցան ներքաղաքական որոշ զարգացումներու, ինչպէս նաեւ ՀՀ իրաւական դաշտի մէջ օրէնսդրական բարեփոխումներու նկատմամբ՝ Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս Եւրոպական Միութեան մօտեցումներուն շուրջ: Քննարկումներու ընթացքին կարեւոր չափով արծարծուեցաւ ընտրական օրէնսգրքի մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու կարեւորութիւնը:
ՀՅԴի կողմէ հանդիպումին մասնակցեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՀ Ազգային ժողովի մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննէսեանը, Ընկերվար Միջազագայնականի փոխնախագահ Մարիա Թիթիզեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:
«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՀ Ազգային ժողովի մէջ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեանը: