ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Այսօր մենք ունենք ուժեղ իշխանութիւն, այսօր մենք ունենք ընդդիմութիւն, որը թոյլ չի տալիս իշխանութիւններին իրենց զգօնութիւնը թուլացնել, եւ համագործակցելով՝ մենք կարող ենք իրօք մեր երկրի համար ապահովել լուրջ յաջողութիւններ։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Երկխօսութեան դուռը եթէ ոչ լրիւ բաց, ապա առնուազն կիսաբաց է։ Ես ոչ մի կասկած չունեմ, որ այն լրիւ բացուելու է մէկ ամսուայ ընթացքում, ինչը մենք կ՛արձանագրենք Մայիսի 31ին կայանալիք մեր յաջորդ հանրահաւաքում։
ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ–ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Ամերիկեան քաղաքականութիւնը կրնայ հեղինակի իրաւունքը ունենալ «խառն-պատգամներ»ով իր ուղին հարթելու եւ յաջողութեան հասնելու խաղաոճին, բայց ատիկա արգելք չէ, որ Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտին վրայ մեր «պետական այրեր»ը յաւակնին իրենց ոճով կատարելագործելու… այլոց հնարած մոլորեցման ամբոխավարութեան այդ գործիքը։
«Խառն-պատգամներ»ու խաղաոճը ընդհանրապէս ի պատուի է մեր օրերուն։ Կարծէք շուկայական յարաբերութեանց մաս կը կազմէ այլեւս եւ կը կիրարկուի հասարակական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ՝ շուկայական առեւտուրի «անմեղ» գովազդներէն մինչեւ դիւանագիտական աշխարհի բարդ ոլորտները։
Փաստօրէն կ՛ապրինք խառն պատգամներու ամբոխավարութեան դարաշրջանը, ուր իր արտադրանքին կամ յայտնագործած ճշմարտութեան գովազդը կատարելու համար, զանգուածային հասարակութիւնը հունաւորողը մէկէ աւելի եւ իրարմէ տարբեր պատգամներ կը հրամցնէ իբրեւ մէկ ու միակ ճշմարտութիւն…
Թերեւս հեռաւոր անցեալին ալ կիրարկուած է միաժամանակ տարբեր եւ հակասական ուղղութիւնները իբրեւ ինքնին ուղիղ ճանապարհ մատնանշելու ամբոխավարական խաղաոճը։ Բայց յատկապէս մեր օրերուն է, որ կատարելագործուած է ամբոխավարութեան արհեստագիտութիւնը։ Այլեւս կարիքը չկայ մէկ բան մտածելու եւ տարբեր բան յայտարարելու։ Կը բաւէ միաժամանակ տարբեր մտադրութիւններ կամ դիտաւորութիւններ շուկայ նետել, որպէսզի անոնց առաջացուցած ալիքներուն մէջէն յառաջ մղուի ամբոխավարին բուն մտադրութիւնը կամ դիտաւորութիւնը։
Հասարակ մահկանացուներուս համար կրնայ բարդ թուիլ ու այնքան ալ հասկնալի չըլլալ խառն-պատգամներու ամբոխավարութիւնը։ Օրինակ՝ քանի մը տարի է ահա, որ Թուրքիոյ նկատմամբ խառն պատգամներ կը հրամցուին Նոր Աշխարհակարգի ղեկավար ուժերուն կողմէ եւ հասարակ մահկանացուներս կը դժուարանանք ստուգապէս կողմնորոշուելու, թէ մեծապետական ուժերը ճիշդ ի՛նչ մտադիր են ընելու Թուրքիոյ Հանրապետութիւն կոչուած քաղաքական միաւորին ժառանգած Ազգային Հարցին վերաբերեալ։ Սեւրի Դաշնագրին վերակենդանացման եւ Քիւրտիստանի ստեղծման վերաբերեալ հոսկէ կամ հոնկէ հնչող պատգամները լո՞ւրջ են…
Որքան ալ ինքնին շահեկան ըլլայ Թուրքիոյ օրինակը, կամ՝ քննարկման արժանի նկատուի Հայաստանը պարփակող աշխարհաշրջանին առընչուող այլ օրինակներու առիթով եւս դրսեւորուած խառն–պատգամներու ամբոխավարութիւնը, հայ քաղաքական միտքը ուղղակիօրէն՝ ոչ միայն արտաքին, այլեւ ներքին ճակատի վրայ կը դիմագրաւէ միեւնոյն խաղաոճին մոլորեցնող անդրադարձները։
Աւելի քան երեք տարիէ ի վեր Հայաստանն ու հայութիւնը ծանր գին կը վճարեն ներ–քաղաքական այն թշնամական բեւեռացումին, որ սկիզբ առաւ 2008ի նախագահական ընտրապայքարին հետ, մինչեւ Մարտ Մէկի արիւնալի ընդհարումներու պայթիւնը գնաց եւ դեռ չէ ստացած իր քաղաքական արժանի «գնահատական»ն ու «լուծում»ը։
Փաստօրէն երեք տարիէ ի վեր Հայաստանն ու հայութիւնը կ՛ապրին ներքին պառակտումի մթնոլորտին մէջ՝ արուեստականօրէն ստեղծուած երկու ճամբարներու եւ անոնց մենակալ առաջնորդներուն, օրինաւոր նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու անպաշտօն «նախագահ» Լեւոն Տէր Պետրոսեանի թշնամական մրցապայքարին անհեթեթ հարկ տալով։
Այդ երեք տարիներու ամբողջ տեւողութեան ժողովրդային կամքի արտայայտութիւնները, խառն-պատգամներու չարաշահումով, հակակշռի տակ առնելու ամբոխավարութիւն մը տիրապետեց հայ ժողովուրդի ներ–քաղաքական կեանքին մէջ։ Թէեւ առաջին իսկ օրէն գտնուեցան սթափութեան ղօղանջ հնչեցնողներ, թէ գաղափարական ու քաղաքական խորք չունի այդ բեւեռացումը եւ կեղծ է իբր այդպիսին, առաւելագոյնը՝ զուտ իշխանութեան աթոռակռիւ է, բայց զգօնութեան այդ ղօղանջները լսելի չեղան եւ չէին կրնար ըլլալ, որովհետեւ պետական ու ստուերային իշխանութեան բոլոր լծակներու զօրաշարժով յառաջ մղուեցաւ խառն–պատգամներու ամբոխավարութիւնը։ Կիրքեր հրահրուեցան եւ անհաշտ թշնամանք սերմանուեցաւ միեւնոյն ժողովուրդին մէջ՝ «սարգսեանական» եւ «տէր պետրոսեանական» ճամբարներու բեւեռացումը ամէն գնով պահպանելու պատուէրով…
Այսօր արդէն բացուած է խառն-պատգամներու ամբոխավարութեան նոր էջ մը, սկսած է «մերձեցման» փուլ մը, ուր Հայաստանի նախագահը երախտագիտութիւն կը յայտնէ իր «ընդդիմութեան», որ «թոյլ չի տալիս իշխանութիւններին իրենց զգօնութիւնը թուլացնել»ու… Իսկ ընդդիմադրութեան ինքնակոչ նախագահը գոհունակութիւն կը յայտնէ, որ իշխանութեանց հետ «երկխօսութեան դուռը եթէ ոչ լրիւ բաց, ապա առնուազն կիսաբաց է»։
Եթէ «մերձեցման» գովազդը կատարող այսօրինակ արտայայտութիւններուն մէջ դարձեալ տիրական չըլլար խառն–պատգամներու ամբոխավարութիւնը, վստահաբար հայ քաղաքական միտքը իր բոլոր թեւերով ու ճիւղաւորումներով պիտի ուզէր ողջունել… դրական շրջադարձի մը նախանշանները։ Հայաստանն ու հայութիւնը, ի վերջոյ, բոլոր ժամանակներէն աւելի այսօ՛ր պէտք ունին ներքին ուժերու նպատակամէտ լարումին, որովհետեւ թուրքեւատրպէյճանեան թշնամին վտանգաւոր զօրաշարժի մէջ է…
Ո՛չ, դրական շրջադարձի իրական նախանշաններ չկան։ Ինչպէս երէկուան «թշնամական բեւեռացման», այնպէս եւ այսօրուան «երկխօսութեան ու մերձեցման» խառն պատգամները խորապէս ամբոխավարական ներշնչում ունին։ Կը թելադրուին ներ–քաղաքական դաշտը սեփական հակակշռին տակ «պահել»ու հրամայականէն՝ կանխելու համար հաւասարապէս թէ՛ իշխանաւոր, թէ՛ ընդդիմադիր շրջանակներու մէջ «անբաղձալի» խմորումները, որոնք կրնան յանգիլ «սարգսեանական» եւ «տէր պետրոսեանական» բեւեռներու… մերժումին։
Բայց ինչո՛ւ խօսիլ միայն ներ–քաղաքական դաշտի մէջ խառն–պատգամներու ամբոխավարութեան շարունակուող ընթացքին մասին, երբ նոյն խաղաոճը կը կիրարկուի նաեւ ու մանաւանդ Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճակատներուն վրայ։
Ո՛չ «տէր պետրոսեանական» ճամբարը կը խոստովանի, թէ իրմով սկսաւ Հայ Դատի հաշւոյն անընդունելի զիջումներու գնով Թուրքիոյ հետ մերձեցման եզրեր գտնելու մոլորանքը։
Ոչ ալ «սարգսեանական» ճամբարը քաղաքական կամքը կը դրսեւորէ՝ յետս կոչելու Հայաստանի ստորագրութիւնը տխրահռչակ Հայեւթուրք Արձանագրութիւններէն։
Ընդհակառակն՝ շարունակ մեղադրելով Թուրքիան, որ չի՛ վաւերացներ այդ Արձանագրութիւնները եւ պարբերաբար վերահաստատելով, որ Հայաստան վճռած է շարունակել կամ պէտք է շարունակէ Թուրքիոյ հետ մերձեցման իր ճիգերը, հայ քաղաքական մտքի կեղծ բեւեռացման զոյգ «ախոյեանները» չեն վարանիր թափ տալու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումին ի նպաստ շրթունքի տուրք տալու իրենց ամբոխավարութեան։
Կը բաւէ ուշադիր հետեւիլ Հայասպանութեան ճանաչումին եւ դատապարտումին նուիրուած «սարգսեանական» թէ «տէր պետրոսեանական» ելոյթներու բառապաշարին, անդրադառնալու համար որ խառն–-պատգամներու ամբոխավարութիւնը տակաւին տիրական է անոնց ելոյթներուն մէջ։
Այնքան ատեն, որ ցեղասպան պետութիւնը չի դրուիր Արդարութեան եւ Իրաւունքի վերականգնման պահանջին առջեւ, այդօրինակ խառն–-պատգամները աւելի շատ կը ծառայեն Թուրքիոյ հետ սակարկութեան դիրքերու զօրացման, քան թէ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի անժամանցելի իրաւունքներու պահանջատիրութեան ու ձեռքբերման պայքարի կռուաններու հզօրացումին։
Հայաստանի ներ–քաղաքական արմատական բարեկարգումին եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան ուժեղացումին էապէս կը հակասեն, աւելին՝ արգելակիչ անդրադարձ կ՛ունենան ներքին թէ արտաքին շուկայի սպառման համար շրջանառութեան մէջ դրուած այդօրինակ խառն-պատգամները։