
ՊԷՅՐՈՒԹ, ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Մայիս 2ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարեց, թէ Տարաայի մէջ սկսած զինուորական գործողութիւնը «շատ շուտ» պիտի աւարտի, մինչ կառավարութեան ընդդիմադիրներուն փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, այլախոհներու ձերբակալութիւնները կը շարունակուին Տարաայի ու Դամասկոսի կարգ մը արուարձաններուն մէջ:
Սուրիոյ նախագահը նաեւ ըսաւ, թէ իր կառավարութեան որդեգրած բարեփոխումները աստիճանաբար կը գործադրուին:
Դամասկոս շաբաթասկիզբին խոստացած էր ներում շնորհել մինչեւ Մայիս 15 իշխանութեանց յանձնուող այն քաղաքացիներուն, որոնք վերջին քանի մը շաբաթներուն հակաօրինական քայլերու դիմած էին:
Մարդկային իրաւանց պաշտպան «Միջազգային ներում» կազմակերպութիւնը Չորեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ հարիւրաւոր այլախոհներ բանտարկուած են, իսկ անոնց մէկ մասը չարչարանքներու ենթարկուած:
Վերջին քանի մը օրերուն ուսանողական կարգ մը ցոյցեր տեղի ունեցած են Պանիասի, Դամասկոսի ու Հալէպի մէջ:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրաւ իր քաղաքացիներուն, որ հեռանան Սուրիայէն, եթէ հոն մնալու յոյժ կարեւոր պատճառներ չունին:
Ըստ ընդդիմադիրներուն փոխանցած, սակայն չհաստատուած տեղեկութեանց, վերջին 10 օրերու ընթացքին, մօտաւորապէս 50 հոգի սպաննուած է Տարաայի մէջ, իսկ Մարտին սկսած խռովութիւնները աւելի քան 500 զոհ խլած են: Սպաննուած են նաեւ տասնեակներով ոստիկաններ եւ զինուորներ: