1915ի Եղեռնը Մենք Արդէն Դատական Հետապնդումի Ենթարկած Էինք

Ասկէ մօտաւորապէս հարիւր տարի առաջ, գլխաւորաբար Պոլսոյ մէջ պաշտօնավարող դատարանները 1915ի կոտորածներու 300 իթիհատական պատասխանատուները արդէն 61 դատական հետապնդումներու ենթարկած էին։ Թէեւ այս դատերը գործնական արդիւնք մը չտուին, սակայն եւ այնպէս առ ի հետեւանք՝ անոնք ստուար թիւով վաւերագիրներու յայտնաբերման պատճառ եղան։
Խնդրոյ առարկայ գիրքին մակդիրն է՝ Տեղահանութեան եւ æարդերու Առնչուող Պատերազմական Ատեանին Դատավարութիւնները 1919-1922 (Tehchir ve Taktil. Divan-1 Harb-1 Orfi Zabitlar) Compilers (համադրողներ): Vahakn N. Dadrian and Taner Akcam. Istanbul, Bilgi (Թրքական Համալսարան) 2010 Բ. տպագրութիւն, 730 էջ։
Ինչպէս գիրքին նախաբանին մէջ զոյգ համադրողներուն կողմէ շեշտուած է, «Հակառակ այն իրողութեան որ այս աղէտէն յետոյ 100 տարիներ անցած են, խնդրոյ
առարկայ դատական թղթածրարներուն ցարդ հանրութենէն ծածուկ եւ թաքնուած պահուիլը անոնց բովանդակութեան կարեւորութեան հանգամանքը կը շեշտադրէ։»
Իրականութեան մէջ այս նախադասութիւնը հայկական ողբերգութեան առնչուող լռակեացութեան եւ վախի հոգեվիճակներու բացայտ մարմնացումը կարելի է նկատել։
1915ի ողբերգութեան ծածկատուփը որոնելու ամէն մէկ քայլ դատապարտուած է բախելու նոյն մտայնութեան։
Իմ՝ ձեզի ծանօթացնելու փորձել ուզած այս գիրքը ուղղակիօրէն կը պարփակէ այս երկրին մէջ դատական հետապնդումի ենթարկուած ցեղասպանութեան ոճիրին դատավարութեան արձանագրութիւնները։ Նոյեմբեր 1918ին Պոլսոյ մէջ ստեղծուած պատերազմական Ատեանը Իթթիհատականները դատի քաշեց հետեւեալ մեղադրանքններու հիման վրայ. երկիրը պատերազմի մէջ ներքաշել, գլխաւորութեամբ հայերու, քրիստոնեայ հպատակները ջարդի ենթարկել, եւ պետական ապօրինի գործառնութիւններ։

1919էն մինչեւ 1922 թուականը ընդգրկող ժամանակաշրջանին մէջ ստուգուած 62 դատավարութիւններու իբրեւ հետեւանք՝ 20ի մօտ մահավճիռներու միայն 3ը կարելի եղաւ գործադրել։
Աշխարհահռչակ ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի վերոյիշեալ գործին մէջ այսպիսի եզրակացութիւն մը կայ.
«Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող հայերու կարգ մը քաղաքական ղեկավար տարրերը փորձեցին իրագործել Եւրոպայի ազգերուն անկախութեան ձգտող յեղափոխական նպատակները եւ գործալակերպերը, հակառակ այն իրողութեան որ այս արարքները յոյժ յապաղեալ էին եւ որով անյոյս։ Թէեւ ուրիշ ազդակներ ալ ունեցան իրենց ներգործումը, սակայն ի տարբերութիւն այդ Եւրոպական ազգերուն, չստնալով որեւէ արտաքին օժանդակութիւն հայերը ահաւոր կերպով ձախողեցան»։
Այս կէտին նկատառումը ընդհանրապէս եւ միտումնաւոր կերպով անտես առնուելով շրջանցուած է հայերուն կողմէ։ Հայ ղեկավար տարրին raison d’etat-ն այսինքն «պետական գոյութեան միտք բանին» սկզբունքը անոնց չ՛ըմբռնելը խնդրոյ առարկայ է հոս։ Հասարակ իրողութիւն մըն է, որ կառավարութիւն մը, այսինքն՝ պետութիւնները իրենց շահերը հետապնդելու ձգտող «արդիական» քաղաքականութեան դրութեան մը հետամուտ են։ Հետեւանքը այն եղաւ որ հայերու բնաջնջման ուղիին վրայ իթթիհատականներուն ձեռնտու ասպարէզ մը բացուեցաւ այս ձեւով։
Շարունակելով, Տատրեան հետեւեալը կ՛ըսէ.
«Յոյժ գիտակցելով հայերու խոցելիութեան եւ անկէ դիւրաւ օգտուելու պատեհութիւնէն, թուրք ղեկավարները անսահման ցասումով եւ վրէժխնդրութեամբ մը ճզմեցին հայերը։ Այնպէս կ՛երեւայ որ քայլ առ քայլ փճանալու ենթակայ կայսրութեան մը մէջ ստեղծուած մտավախութիւնը՝ զուգակցելով կուտակուած զայրոյթի եւ գրգռութեան, ի վերջոյ դարձաւ հակահայ մահասփիւռ բարկութեան պոռթկում մը։ Հայկական յեղափոխական եւ անոր յաջորդող բարենորոգումներու շարժումները այս կապակցութեամբ ի յայտ եկան իբրեւ ոճիրը դիւրացնող ազդակներ։»
Ինչպէս բացայայտօրէն պատահեցաւ Ապտիւլ Համիտի շրջանի ջարդերու պարագային, Իթթիհատ եւ Թէրաքքի կուսակցութեան պարտադրուած եւ Ա. Աշխարհամարտէն վեց ամիս առաջ ստորագրուած հայկական բարենորոգումներու համաձայնագիրը, մեծ աղէտը փութացնող ազդակ մը հանդիսացաւ։ Կրկին շարունակելով, Տատրեան կը գրէ.
«Առանց չափազանցութեան կարելի է ըսել որ քաղաքական զարգացումներու այս փափուկ հանգրուանը հայերը մահուան դատապարտող «ֆէրման»ի մը ստորագրութեան իմաստին համազօր նշանակութիւն ունէր։ Համահաւասար իրաւունքներ, յետոյ կիսաչափ ինքնավարութիւն եւ վերջապէս լիակատար ինքնավարութիւն կարգախօսներով համակուած Պալքանեան նախատիպը անգամ մը եւս չհանդուրժելու Իթթիհատական վարիչներու կամքը յանգեցաւ նոր վճռականութեան մը։ Այսինքն, հարցը մեթոտիկ եւ արմատական ձեւով մը լուծելու համար հարկ եղած պայմանները հարկ էր ստեղծել։ Արմատական լուծում մը որոնել կը նշանակէ սակայն ընդգրկել Ապտիւլ Համիտի բանաձեւը, այսինքն՝ Հայկական Հարցը լուծելու համար հարկ է ոչնչացնել հայերը։»
Մեծ Պատերազմի պայթումով այս լուծումին համար նպատակայարմար պայմանները ստեղծուած էին։ Իթթիհատականներու վարչական ձեռնհասութիւնը եւ ռազմաճակատներու մէջ դարբնուած թուրք բանակի մարտական ոգին այդ լուծումին համար հարկաւոր գլխաւոր յենակէտներն էին։ Ըստ Տատրեանի, այս յախուռն յանդգնութեան ետին թաքնուած ամենակարեւոր ազդակը Ապտիւլ Համիտի շրջանին գործուած ջարդերուն անպատիժ մնացած ըլլալն է։ Այս իսկ պատճառաւ, անկարելի է լրիւ ըմբռնել Առաջին Աշխարհամարտին գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը առանց հաշուի առնելու այն անձեռնմխելիութիւնը որ շնորհուեցաւ այդ ոճիրները գործողներուն։
Իր խնդրոյ առարկայ գիրքին մէջ 1919էն մինչեւ 1922 տեւող դատավարութեանց մասին Վահագն Տատրեան հետեւեալը կ՛ըսէ.
«Բարձր մակարդակի պետական ղեկավարներու եւ կառավարական ղեկը ձեռք առնող կուսակցութեան մը անդամներուն Օսմանեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քրէական դատական հետապնդումի ենթարկուելնին յոյժ կարեւոր երեւոյթ մըն էր։ Նոյնպէս, ուշագրաւ էր որ թուրք հեղինակաւոր մարդիկ ի նպաստ հայ զոհերուն վկայութիւններ տալով պահանջեցին որ կեդրոնէն ղեկավարուած ոճրագործութիւններու յանցագործները ըստ արժանւոյն պատժուին։ Նոյնպէս, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բարձր աստիճանի քաղաքական եւ զինուորական շատ մը անձնաւորութիւններ անտեսելով որոշ առկախ վտանգներ կամաւոր կերպով յանձնառու եղան հայ զոհերուն ի նպաստ վկայութիւն տալու»:
Այս դատավարութիւններու շարքը, որոնք այսօրուան Էրկենեքոնի դատերուն շարքին կը նմանի, այսօրուայ Taraf օրաթերթին համապատասխանող եւ զինադադարի շրջանին հրատարակուող շարք մը թրքական օրաթերթերու կողմէ օրը օրին մանրամասնօրէն նկարագրուած էր ինչպէս «Սապահ», «Ալէմտար», «Հատիսա»չ, «Իլէրի», «Իգտամ», «Զաման» եւ «Եէնի Կազէթէ» թերթերը։ Հակադարձելով այս վերջիններու այս ազատամիտ եւ Զինադադարի յատուկ նկատուող կեցուածքին, գոյութիւն ունէր նաեւ Իթթիհատի կողմնակից թերթերու խմբակ մը։ Իրողութիւնը այն էր սակայն, որ դիտումնաւոր զրպարտութիւններու եւ ապատեղեկատուութիւնները անկարող էին չքացնել դատարանին յղուած փաստերուն բնագիրներու եւ առաջնակարգ վկաներու վկայութիւններու ծանրակշիռ հարուածը։
Taraf («Թարաֆ»)