ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Մայիս 19ին, երեկոյեան ժամը 7էն 9:30, տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու տարածքին հետզհետէ աւելի սովորական երեւոյթ դառնալու սկսած ելեկտրական ինքնաշարժներու նուիրուած աշխատանիստ մը:
Այս ինքնաշարժներուն արտադրութեան ճարտարագիտական յառաջդիմութեանց եւ կենսոլորտին վրայ նման ինքնաշարժներու ունենալիք դրական ազդեցութեանց մասին ներկայացումներ պիտի կատարեն նման ինքնաշարժներ արտադրող ամերիկեան «Ճի.Էմ.» եւ ճափոնական «Նիսան» ընկերութիւններէն ներկայացուցիչներ:
Պիտի քննուին նաեւ նման ինքնաշարժներ գնելու համար պետական դիւրութիւններն ու օրէնքները, ապա տեղի պիտի ունենայ հարցում-պատասխանի բաժին:
Նկատի ունենալով, որ սահմանափակ թիւով աթոռներ կան, կը խնդրուի տեղեր ապահովելու համար դիմել areg.gharabegian@parsons.com հասցէին, ամենաուշը մինչեւ Մայիս 18, կ.ե. ժամը 4:
Աշխատանիստը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի «Փարսըն» ընկերութեան շէնքին մէջ՝ «Clint Presentation Room», որուն հասցէն է՝ Parsons, 100 W Walnut Street, Pasadena, CA 91124: