ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Շարունակելով երկար տարիներու աւանդութիւն մը՝ Մեծ Եղեռնի գլխաւոր ոգեկոչման ձեռնարկները, միասնաբար կը կազմակերպուին Ուրուկուէյի Հայոց թեմի Կեդր. վարչութեան եւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ:
Կիրակի, Ապրիլ 24ին, Ս. Զատկուան պաշտօնական պատարագէն ետք, Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ շրջափակը գտնուող Ապրիլեան յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ յատուկ նշում մը՝ քաղաքին մէջ գործող զոյգ սկաուտական խումբերուն՝ ՀԲԸՄ-«Երեւան»ի եւ ՀՄԸՄ-«Կամք»ի մասնակցութեամբ:
Օրուան պատգամը փոխանցեց առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլըճեան:
Նոյն օրը երեկոյեան, ՀՕՄի կոչին անսալով՝ առաջին անգամն ըլլալով գաղութին մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական բողոքի ձեռնարկ մը, ուր մեծ թիւով իգական սեռի պատկանող խումբը, Ցեղասպանութեան վերաբերող զանազան լոզունքներ կրող սեւ զգեստներ հագած՝ քալեցին քաղաքի կարեւոր առեւտրական հաստատութեան զանազան բաժինները՝ գրաւելով ուշադրութիւնը տեղւոյն բազմութեան:
Երկուշաբթի, Ապրիլ 25ին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Զօր. Արթիկասի յուշակոթողին դիմաց՝ ծաղկեպսակ զետեղելով: Արարողութեան ներկայ էին գաղութի ներկայացուցիչներէն բացի՝ յոյն համայնքի հովիւը եւ շարք մը օտար անձնաւորութիւններ:
Իսկ Երեքշաբթի, Ապրիլ 26ին, 11րդ տարին ըլլալով, ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկը կազմակերպեց Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահութիւնը: Հանդիպումը կատարուեցաւ Ծերակոյտի նախասրահին մէջ, ուր օրուան խորհուրդին շուրջ խօսք առին խորհրդարանի նախագահ Լուիս Ալպերթօ Լաքաժէ Փօ, Արժանթինէն յատկապէս հրաւիրուած Փետրօ Մուրատեան, որ Արժանթինի Արդարադատութեան նախարարութեան խտրականութեան եւ ազգայնամոլութեան դէմ պայքարի բաժանմունքին համադրողն է, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ տոքթ. Արմէն Կարօ Սարգիսեան:
Ներկաներուն մէջ էին երկրի փոխնախագահ եւ Ծերակոյտի նախագահ Տանիլօ Ասթորի, շարք մը նախարարներ եւ մեծ թիւով պատգամաւորներ:
Ուրբաթ, Ապրիլ 29ին, Ուրուկուէահայ երիտասարդական միութիւններու համատեղ ճիգով, 3րդ տարին ըլլալով կազմակերպուեցաւ ջահերով երթ մը, որ կը կրէր «Արդարութեան քայլարշաւ» խորհուրդը: Մեծ թիւով երիտասարդներու մասնակցութիւնը, որ տարուէ տարի կ՛աւելնայ, տպաւորիչ էր: Մօտ 400 երիտասարդներ եւ գաղութի անդամներ քալեցին քաղաքի գլխաւոր պողոտայէն՝ հասնելով Մոնթեվիտէոյի համալսարանի շրջափակը, ուր կեդրոնացաւ հաւաքը, որուն ընթացքին նոր սերունդին պատգամ փոխանցուեցաւ՝ շարունակելու միասնական պայքարը: