Մայրերու օրուան առիթով, կը շնորհաւորենք բոլոր հայ մայրերը, ու կը խոնարհինք ընտանիքի ու յատկապէս զաւակներու հանդէպ անոնց ցուցաբերած ամենանուէր զոհաբերութեան առջեւ:
Այս կարեւոր տօնին առիթով, յատկապէս կը խոնարհինք հայ զինուորներու մայրերուն առջեւ՝ գնահատելով անոնց ամէնօրեայ տագնապը, սրտահատորները ողջ-առողջ տան ճամբուն դիմաւորելու անոնց անձկութիւնն ու սպասումը:
Ուժ ու կորով կը մաղթենք իրենց: Բայց արդէն իրենք ուժի ու կորովի աղբիւրը չե՞ն: