Լեզուի ու գրականութեան հանդէպ մեր ամէնօրեայ սիրոյ խոստովանութիւնները, եկէ՛ք համեմատենք մայրենին տարածելու ու մեր գրականութեան զարգացման նեցուկ կանգնելու ուղղութեամբ՝ մեր գործողութիւններուն հետ:
Այստեղ՝ Ամերիկայի Միացաել Նահանգներու տարածքին, մայրենիի եւ հայերէն գրականութեան հանդէպ անսահման նուիրումի ու յանձնառութեան արտայայտութիւններու կողքին, յաճախ անմիջական յաջորդականութեամբ, կը յայտարարենք մեր անկարողութիւնը յաղթահարելու այն խոչընդոտները, որոնք մեր նոր սերունդը կը դարձնեն օտարախօս, եւ որոնք հայ գիրքը բոլորովին անհեթեթ գոյութեան մը կը վերածեն՝ հայերէն գիրքերու գրադարանի գաղափարն իսկ հարցականի տակ դնելով:
Այնտեղ՝ հայրենիքի մէջ, ուր մայրենին պետական հոգատարութեան տակ պէտք է ըլլայ, օտարալեզու դպրոցներուն օրինականութիւն կու տանք, մէկ ու միասնական ուղղագրութիւն ունենալու կարեւորագոյն հարցին հանդէպ ամէնէն անտարբեր ու անհոգ մօտեցումը կը ցուցաբերենք եւ հայ գրականութեան զարգացման հարցը կը պահենք մեր համազգային օրակարգերէն հեռու:
Աւելին. անտարբերութեամբ կը հանդուրժենք հայերէն գիրքերուն հանդէպ ամէնէն անշնորհք վերաբերմունքը, լուռ համակերպութեամբ կ՛արձանագրենք մատի վրայ համրուող գրախանութներու փակման մասին ու մեղսակից կը դառնանք հայ գրողներու հանդէպ արհամարհանքի աճին:
Խնդիրը այն է, որ այս կարեւորագոյն հարցերը դիմագրաւելու համար արդէն սկսած ենք նուազագոյն իսկ ճիգ չթափելու՝ ի սկզբանէ չհաւատալով, որ կրնանք որեւէ փոփոխութիւն մը կատարել իրավիճակին մէջ:
Այս մօտեցումը, անշուշտ, միայն կրնայ ջլատում յառաջացնել ու ազգապահպանման ճիգերը զրկել կենսատու ուժերէ ու միջոցներէ:
Այս մօտեցումը կրնայ ու անպայման կը յանգեցնէ ազգապահպանման սրբազան նկատուած առաքելութեան նուիրուած կառոյցներու հանդէպ հոգածութեան աստիճանական նուազումին՝ ի վերջոյ վտանգելով անոնց բոլորին գոյատեւումը:
Մենք կը մերժենք այս պարտուողականութիւնը եւ կը պնդենք, որ կարելի չէ ձեռնթափ ըլլալ, կարելի չէ թոյլ տալ, որ պարտուողական տրամադրութիւնը տիրապետէ մեր հաւաքական կեանքին մէջ:
Մենք պատրաստ ենք մեր կեցուածքին համապատասխանեցնել մեր գործը, մեր ծրագիրները: Մենք պատրաստ ենք ձերբազատելու նուիրական գաղափարները սակարկելի դարձնելու մտայնութենէն, պատրաստ ենք մեր յայտարարած սկզբունքներուն, արժէքներուն կենսագործման համար, երբե՛ք չընկրկիլ մանաւանդ մեր լեզուի, մեր գրականութեան, մեր մշակոյթի պահպանման ու զարգացման, մեր նոր սերունդը անոնցմով ներշնչելու, անոնցմով սնուցանելու նպատակին ծառայեցնել մեր բոլոր հնարաւորութիւնները: Կորուստներ կրնանք տալ, այո՛, սակայն երբեք չենք պարտուիր: