ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սելչուք Իվնալ յայտարարած է, թէ Հայաստանն ու Իսրայէլը պիտի չմասնակցին Պոլսոյ մէջ Մայիս 9-13ի ընթացքին կայանալիք ՄԱԿի՝ Առաւել թոյլ զարգացած երկիրներու չորրորդ համաժողովին:
«Երկու երկիրներն ալ հրաւիրուած են, սակայն անոնք գագաթնաժողովին պատուիրակութիւններ պիտի չուղարկեն», Իվնալի խօսքերը մէջբերած է «Զաման» թերթը:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Արմէն Արզումանեան նախապէս յայտնած էր, թէ Հայաստանի նախագահը նոյնպէս հրաւիրուածներու շարքին է, հետեւաբար, մասնակցութեան հարցը աշխատանքային կարգով կը քննարկուի ՄԱԿի համապատասխան ծառայութիւններուն հետ: Արզումանեան նաեւ տեղեկացուցած էր, թէ յառաջիկային Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ երկկողմանի հանդիպումներ չեն նախատեսուած:
Գագաթնաժողովին պիտի մասնակցի 50-60 նախագահ եւ շուրջ 100 նախարար: