
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ համայնքային ղեկավարներու եւ գործիչներու մասնակցութեամբ, Հայ Դատի խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 24-27, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, քննելու համար Հայ Դատի աշխատանքներուն դէմ խոչընդոտները շրջանցելու եւ Հայ Դատը առաջ մղելու նորարար քայլեր որդեգրելու կարելիութիւնները:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին համատեղ ջանքերով կազմակերպուած խորհրդաժողովին խորագիրն է՝ «Հայ Դատ 2.0: Ընկերային ցանցեր, ժողովրդային ուժ եւ խելացի ջատագովութիւն»:
Տեղի պիտի ունենան շարք մը մասնագէտներու կողմէ ներկայացումներ, աշխատանիստեր ու քննարկումներ, ինչպէս նաեւ ընկերային հաւաքներ ու խորհրդակցելու բազմաթիւ ու բազմազան առիթներ:
«Այս ծրագիրով կը փորձենք միաժամանակ ընդարձակել մեր տեսադաշտը ու բարձրացնել մեր ձայնը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան:
Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտըն քաղաքէն Արամեան ընտանիքը այս առիթով կատարած է նուիրատուութիւն մը, որուն շնորհիւ, այս ծրագիրի մասնակիցները պիտի կարենան մասնակցիլ միայն 150 տոլար վճարելով (ուսանողներու մասնակցութեան սակը միայն 75 տոլար է):
Այս աջակցութիւնը տրամադրած քոյրերը՝ Սու, Մարթա եւ Մարկօ Արամեանները, զաւակներն են Ցեղասպանութենէն վերապրած Ղազար եւ Նուարդ Արամեաններուն:
Խորհրդաժողովին մասնակիցները պիտի այցելեն նաեւ մայրաքաղաքի պատմական ու տեսարժան վայրեր ու Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ ընթրիքի մը ներկայ պիտի ըլլան:
Յաւելեալ տեղեկութեան կամ արձանագրուելու համար, այցելել http://www.anca.org/conference կայքէջը: