ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ապահովութեան, ու յատկապէս ապագայի ապահովութեան մասին մտածելը ամէնէն բնական մտածումներէն մէկն է, զոր մարդ կ՛hունենայ իր կեանքի մասին մտածած պահուն: «Վաղը ի՞նչ պիտի ըլլանք»ը, այնպիսի հարցական է, որ նոյնիսկ անտարբեր մարդոց միտքէն կ՛անցնի, յատկապէս երբ կեանքի պատասխանատուութիւնը իրենց ուսերուն դրուած ըլլայ, ընտանեկան թէ աւելի լայն հաւաքականութեան կեանքին մէջ:
Գալիքը՝ ապագան, միշտ անորոշութեամբ լեցուն է: Ո՛չ ոք գիտէ, թէ մի քանի վայրկեաններ ետք ի՞նչ պիտի պատահի: Թերեւս ահաւոր երկրաշարժ պատահի ու հսկայ աւեր գործէ: Թերեւս արկած պատահի ու բազմաթիւ մարդոց կեանքը խլէ: Թերեւս սրտի կաթուածի հետեւանքով մէկ վայրկեանի մէջ մեծ թիւով մարդիկ կորսնցնեն իրենց կեանքը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ: Այս ամէն վիճակները հեռու չեն մեզմէ, եւ կրնան որեւէ ժամանակ հանդիպիլ մեզի:
Կը պատահի, որ երեւոյթներէն դատելով, ոմանք մօտաւոր ապագային մասին որոշ գաղափարներ յայտնեն, կամ կանխազգուշութիւն թելադրեն գալիքը նախատեսելով: Սակայն հեռաւոր ապագան միշտ մշուշի մէջ կը մնայ, որովհետեւ այն ժամանակը որ կը գտնուի ներկային ու ապագային միջեւ, կրնայ ծնուցիչը ըլլալ նոր անակնկալներու, որոնք փոփոխութեան կրնան ենթարկել, ապագային համար նախապէս ծրագրուած ուղեգիծեր:
Նօսթրատամուսի կատարած գուշակութեանց հետեւողութեամբ, այսօր եւս կան անձինք, որոնք տարուան մէջ մէկ կամ երկու առիթներով հանդէս կու գան հեռատեսիլէն, ընդհանրապէս նոր տարուան սեմին կամ աշխարհը ցնցած յանկարծական դէպքի հետեւող օրերուն, եւ իրենց հեղինակաւոր գուշակութիւնները կը կատարեն: Անոնցմէ ոմանք չեն վարանիր նաեւ հաստատելու տուեալ դէպքին գծով, տարիներ առաջ իրենց կատարած մէկ գուշակութիւնը: Հանրութեան դիմաց յստակ տարեթիւերով ու ամսաթիւերով խօսող այս գուշակները չեն ալ մտահոգուիր, որ յանկարծ իրենց կատարած գուշակութիւնը կրնայ գալիք իրականութեան չհամապատասխանել: Մանրամասնութիւններէն տեղեակ չըլլալով, կը բաւարարուինք ըսելով, թէ շատ հաւանաբար եկամտաբեր արհեստներ են ասոնք, եւ վստահաբար ունինք իրենց քաջալերողները:
Առանց գուշակ ըլլալու, ամէն մարդ ալ իր ու իր շրջապատին մէջ ապրողներուն՝ իր հարազատներուն ապագայով կը մտահոգուի: Ասիկա շատ բնական երեւոյթ է ծնողներու մօտ, որոնք անկասկած պէտք է մտահոգուին իրենց զաւակներու աճումով, կրթութեամբ, մէկ խօսքով՝ ապագայով: Սակայն միշտ սխալ ըմբռնուած է ծնողական այս «մտահոգութիւն»ը: «Զաւակներուն ապագայով մտահոգուիլ» եզրին դիմաց, մարդիկ միշտ սովոր են տեսնել, ծնողներուն կողմէ դիզուած գումարներ, իրենց զաւակներուն ապագան «կառուցել»ու համար: Զաւակը ինք իր ապագան իր ձեռքերո՛վ պէտք է կերտէ նիւթական իմաստով: Մինչ, այդ կարողութեան հասցնող գիտակցութիւնը ծնո՛ղքը պիտի ներարկէ անոր, իր տուած կատարեալ դաստիարակութեամբ: Այս թիւրիմացութիւնն է յաճախ, որ պատճառ կը դառնայ թէ՛ ծնողներու եւ թէ զաւակներու դժբախտութեանց հաւասարապէս:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ ապագայի նախապատրաստութեան գաղափարը արտայայտութիւն գտած է առակի ճամբով: Մէկուն արտը շատ բերք կու տայ, որուն պատճառաւ կը ստիպուի իր շտեմարանները քակել, ու անոնց փոխարէն աւելի մեծերը կառուցել: Այդ ամէն աշխատանքը կատարելէ ետք, ինք իրեն կ՛ըսէ. «Ո՛վ իմ անձս, երկար տարիներու համար ապահովուած է կեանքդ, ուստի հիմա կեր, խմէ եւ ուրախացիր» (Հմմտ Ղկ 12.16-21):
Առակը իր ընկերային իմաստով երբ վերլուծուի, ու մանաւանդ այսօրուան մարդուն արագավազ կեանքին հետ համեմատուի, խելացի գործ կարելի է համարել այդ մարդուն կատարածը: Այսօր ո՞վ չուզեր մտածել յառաջիկայ տարիներու իր կեանքին մասին, կամ մինչեւ իսկ իր ծերութեան օրերու ապահովութիւն չի փնտռեր: Կը ճանչնամ անձեր, որոնք նոյնիսկ չափազանցութեան երթալով, առողջ օրերու վայելքէն կը հրաժարին կամովին, կը խնայեն իրենց արդար եկամուտին մի քանի տոկոսը, որպէս ծերութեան օրերու ապահովութիւն: Ոմանց պարագային կը ճշմարտուի ասիկա, եւ կ՛ապրին երկար, ու իրենց խնայողութեան բարիքները կը վայելեն ծերութեան օրերուն, առանց կարօտ մնալու շրջապատէն գալիք օգնութեան կամ ողորմութեան: Մինչ ուրիշներ իրենց երիտասարդական առողջ տարիներուն ամբողջ խնայողութիւնը չեն վայելեր, կանուխ բաժնուելով այս աշխարհէն:
Առակին հոգեւոր իմաստին վրայ դրուած է շեշտը Յիսուսի մտածողութեան մէջ: Նոյնը պէտք է նաեւ անոր ընկերային իմաստին վրայ տարածել: Աստուած է Հայրը համայն մարդկութեան, որուն տեսողութեան ներքեւ կ՛ապրի ու կը գործէ մարդը: Աւելորդ մտահոգութիւնն է որ կը քննադատուի Յիսուսի կողմէ: Սակայն, առակին ընկերային իմաստը, որ այսօրուան կեանքին համար այնքան անհրաժեշտ է, Աստուծոյ ներկայութեան գիտակցութիւնն է: Մարդը իր յաջողութեանց մէջ կը մոռնայ իր մեծագոյն յոյսը՝ որ Աստուած ի՛նք է: Առակին մէջ յիշուած մարդը սխալ չըրաւ իր ապագային մասին մտահոգուելով, ո՛չ ալ իր ցորենին համար աւելի մեծ շտեմարաններ շինելով: Այսօր իսկ, ո՛չ ոք կրնայ մեղադրել այն անձերը, որոնք հսկայ ամբարներ կը կառուցեն, յառաջիկայ թերեւս քառասուն թէ յիսուն տարիներու համար ծրագիրներ կը մշակեն իրենց հաստատած ընկերութեանց համար, նոյնիսկ գիտնալով որ իրենք այդ ժամանակ գոյութիւն պիտի չունենան: Այո՛, առակին մէջ յիշուած մարդը սխալ չըրաւ այդ ամէնը ընելուն, բայց… մոռցա՛ւ իր յոյսը, որ Աստուած է: Կե՛ր, խմէ՛ ուրախացի՛ր, այո՛, բայց… Աստուծմո՛վ: Այդ ամէնուն պարգեւիչը Աստուած է: Ի՛նք է, որ բանականութիւնը տուաւ քեզի, ծրագիրներ մշակելու համար: Ի՛նք է, ի վերջոյ, որ «անձրեւ տեղացուց արտերուդ վրայ»: «Անձրեւ»ը յաճախ «երկնային օրհնութիւն» եզրով ալ կը բացատրուի, մարդ արարածին յաջողութեան աստուածային հովանաւորութիւնը ցոյց տալու իմաստով:
Մարդու ինքնագիտակից խոնարհութեան ամէնէն վաւերական միջոցը, Աստուծոյ գոյութիւնը, ամենակարողութիւնը ու մարդասիրութիւնը ճանչնալն ու յայտարարելն է: Իր շտեմարանները լայնցնող ու նորերը կառուցող մարդը ամէն ինչ ճիշդ կատարեց այս կեանքի ապագային համար, կառուցողական իր աշխատանքով: Սակայն, միւս կեանքի ապագան քանդեց իր մէկ սխալ կեցուածքով, որ Աստուծոյ ներկայութեան նկատմամբ իր անտարբերութիւնն էր:
Մեր ու մեր ընտանիքի ապագային մասին մտածելը անհրաժեշտ պարտաւորութիւն է: Նոյնիսկ սխալ պիտի ըլլար այդ մասին չմտածելը, ու անով չմտահոգուիլը: Այդ պարագային անտարբեր, անպատասխանատու եւ նոյնիսկ պարտուած ու դասալիք պիտի նկատուէինք իրաւացի կերպով: Սակայն, մեր այդ պարտաւորութեան սահմանին մէջ կ՛իյնայ նաեւ գիտակցիլ, թէ ապագայի նկատմամբ մեր կատարած ամէն աշխատանքները հովանաւորուած են Աստուծմով, առանց որուն մեր ամէն ճիգերը անիմաստ են, կամ ի դերեւ պիտի ելլեն: