
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Ըստ Սուրիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր շրջանակներու հաղորդած եւ չհաստատուած տեղեկութեանց, Ուրբաթ, Մայիս 6ին հազարաւոր ցուցարարներ դարձեալ բողոքի ցոյցեր կատարած են, յատկապէս Պանիասի, Համայի եւ Հոմսի մէջ, մինչ հարաւային Տարաա քաղաքէն սուրիական բանակի ուժերուն մէկ օր առաջ սկսած հեռացումը շարունակուած է: 21 զոհեր արձանգրուած են Համայի եւ Հոմսի մէջ:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, թէ Սուրիա արտօնութիւն տուած է ՄԱԿէն խմբակներու, որ Սուրիա մուտք գործելով՝ ստուգեն կացութիւնը, մինչ Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր Մահիկի աղբիւրները հաստատեցին, թէ Հինգշաբթի օրէն սկսեալ, մարդասիրական օժանդակութիւններ կը հասցեն Տարաայի ժողովուրդին:
Նաեւ, հետեւելով Ուաշինկթընի օրինակին՝ Եւրոմիութիւնը Ուրբաթ օր ճամբորդական արգելքներ հաստատեց սուրիացի 14 բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ: