
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Մայիս 6ին յայտարարեց, թէ գլլխաւորաբար սեփական մարզին շնորհիւ, Ապրիլ ամսուան ընթացքին 244,000 նոր աշխատատեղեր ստեղծուած են, սակայն հակառակ անոնց, անգործութեան համեմատութիւնը 8.8էն 9 տոկոսի բարձրացած է: Այս իրողութեան պատճառներէն մէկը կը նկատուի այն, որ գործ ճարելու հաւանականութեան բարձրացումով՝ աւելի մեծ թիւով անգործ քաղաքացիներ սկսած են գործի դիմումներ կատարելու:
Ապրիլ ամսուան ընթացքին աշխատաւորներուն միջին ժամականը 22.95 տոլարի բարձրացած է, Մարտ ամսուան 22.93 տոլարին փոխարէն:
Ներկայիս, անգործներու ընդհանուր թիւը 13.7 միլիոն է, ինչ որ գրեթէ կրկնապատիկն է տնտեսական ճգնաժամէն անմիջապէս առաջ (Դեկետեմբեր, 2007) անգործներու թիւին: