
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոս»չ օրաթերթը, վկայակոչելով «Փիու» հետազօտական կեդրոնի կատարած հարցախոյզին արդիւնքը՝ Չորեքշաբթի, Մայիս 4ին կը հաղորդէ, թէ «Քայիտա»ի ղեկավար Ուսամա պըն Լատենի սպանութիւնը 9 առ հարիւրով բարձրացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ժողովրդականութեան վարկանիշը, որ Ապրիլ ամսուան ընթացքին հասած էր իր նուազագոյն մակարդակին։
«Կարճ ժամանակի մը մէջ, պըն Լատենի սպանութիւնը պատճառ դարձաւ Օպամայի վարկանիշի բարձրացման:
Աճած է թիւը այն ամերիկացիներուն, որոնք համոզուած են, որ պետութեան ղեկավարը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու Աֆղանիստանի գործողութիւնները լաւ ձեւով կը կառավարէ։
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 56 առ հարիւրը գոհ է Օպամայի աշխատանքէն, ինչ որ 9 առ հարիւրով կը գերազանցէ Ապրիլի ցուցանիշը։ Ասիկա 2009էն ետք, նախագահ Օպամայի վարկանիշի ամէնէն բարձր ցուցանիշն է», նշուած է զեկուցումին մէջ։
Հարցախոյզի մասնակիցներուն աւելի քան երկու երրորդը ըսած է, թէ Օպամա իրենց վստահութիւնը շահած է պըն Լատենի չէզոքացումէն ետք։
Միաժամանակ, չէ փոխուած թիւը անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ նախագահը ի վիճակի է լուծելու տնտեսական խնդիրները։
Հարցախոյզի մասնակիցներուն միայն 40 առ հարիւրը գոհ է երկիրի տնտեսութեան վերականգնումին ուղղուած Օպամայի քայլերէն, եւ ասիկա, ըստ «Ուաշինկթըն Փոս»չին, Օպամայի վստահութեան ամէնէն ցած ցուցանիշն է։
Հարցախոյզը տեղի ունեցած է Երկուշաբթի օր՝ հեռաձայնով։ Անոր մասնակցած են 654 անձեր։