
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի ընտանիքին համար տարիներու աւանդութիւն դարձած է Շրջանային վարչութեան կազմակերպած տարեկան Նաւասարդեան խաղերն ու անոր աւարտին՝ այդ խաղերուն մասնակից մեծ ու փոքր անդամներուն տողանցքը:
Այս տարի սոյն մարզախաղերուն 36րդ տարին է:
Օրին, ՀՄԸՄի շրջանային վարչութիւնը կազմած է յատուկ յանձնախումբ մը, որուն իւրաքանչիւր անդամը ստանձնելով յատուկ պարտականութիւն՝ ամիսներէ ի վեր սկսած է զանազան ծրագրումներու եւ մանաւանդ անոնց իրականացման աշխատանքերուն:
Յանձնախումբը, որուն անդամ-անդամուհիները տարիներու փորձառութեան տէր ՀՄԸՄական քոյրեր եւ եղբայրներ են, կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
Մհեր Դաւիթեան – ատենապետ
Սալբի Ճէճէյեան – փոխատենապետ եւ յարաբերական
Սիմա Կարապետեան – Յաղթանակի պարահանդէս
Կարինէ Թիթիզեան – Նաւասարդեանի բացման եւ փակման հանդիսութիւն
Վահէ Օհաննէսեան – փառատօն
Արի Պոյաճեան – յայտարարութիւն
Սեւակ Կարապետեան – դաշտեր
Օսիկ Մովսէսեան – մուտք
Նորայր Սազպազարեան – գանձապահ
Ֆրետ Պապաճանեանց – մարզական
***
Նաւասարդեան ժամանակացոյց
– Մայիս եւ Յունիս ամիսներու շաբաթավերջերուն – մարզական միջ-մասնաճիւղային մրցումներ՝ զանազան մարզադաշտերու վրայ:
– Կիրակի, 15 Մայիս, 2011ին՝ Խաղերու պաշտօնական բացում Birmingham High School-ի մէջ՝ 17000 Haynes St., Van Nuys, CA 91406:
– Հինգշաբթի, 19 Մայիս, 2011ին՝ երեկոյեան ժամը 7:30ին, Նաւասարդեան «kick off party»՝ խրախճանք Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
– Շաբաթ, 25 Յունիս, 2011ին՝ Յաղթանակի պարահանդէս՝ «CBS Studios»ի մէջ, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ:
– Փակման հանդիսութիւն, փառատօն եւ տողանցք՝ Birmingham High School-ի մէջ՝
Հինգշաբթ, 30 Յունիս, 2011ին, կէսօրէ ետք ժամը 4էն մինչեւ կէս գիշեր: Ելոյթ կ՛ունենայ Գառնիկ Սարգիսեան: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ աւանդական դարձած հրավառութիւն:
Ուրբաթ, 1 Յուլիս, 2011ին, կէսօրէ ետք ժամը 4էն մինչեւ կէս գիշեր: Ելոյթ կ՛ունենան զանազան հանրայայտ երգիչներ:
Շաբաթ, 2 Յուլիս, 2011ին, առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ կէս գիշեր: Ելոյթ կ՛ունենայ Գառնիկ Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ հանրայայտ երգիչներ, որոնց անունները օրին պիտի յայտարարուին:
Կիրակի, 3 Յուլիս, 2011ին, առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ կէս գիշեր: Ելոյթ կ՛ունենայ Յարութ Փամպուքճեան ու նաեւ զանազան հանրայայտ երգիչներ: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ աւանդութիւն դարձած շքեղ հրավառութիւն եւ հպարտութիւն առթող տողանցք:
***
Մարզադաշտին շուրջը, ամէն տարուան նման, մասնաճիւղեր իրենց յատուկ կրպակներէն ներս պիտի վաճառեն բազմատեսակ ճաշակներ գոհացնող զանազան համեղ ուտեստեղէններ, զովացուցիչ, ջուր, սուրճ եւ պաղպաղակ:
Նաւասարդեան այս խաղերու մասնակից 17 մասնաճիւղերուն մարզիկներն ու սկաուտները, պատասխանատուներն ու անդամները, մէկ խօսքով՝ ՀՄԸՄի այս հսկայ կամաւոր բանակը, անկասկած, որ անգամ մը եւս մեզի համար պիտի դառնայ ձեւով մը պատմական շքանշան, զոր անսովոր հպարտութեամբ մը պիտի ուզէինք զայն կրել մեր կուրծքերուն վրայ։
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ