
Դիւանագիտական աղբիւրներու փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպան կրնայ նշանակուիլ Ճան Հեֆըրնը, որուն դիւանագիտական գործունէութեան հիմնական ոլորտը երկար տարիներ եղած է արեւելեան Ասիան, սակայն ներկայիս ան ՆԱԹՕի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն առաքելութեան (Պրիւքսէլ) պետի տեղակալն է, իսկ նախապէս եղած է այդ առաքելութեան քաղաքական խորհրդատուն: Միզուրի նահանգէն եղող Հեֆըրն պաշտօններ ստանձնած է Մալեզիոյ, Ճափոնի, Չինաստանի եւ Ինտոնեզիոյ մէջ: Ամերիկայի ներկայ դեսպան Մերի Եովանովիչ կը պատրաստուի Յունիսին աւարտելու իր պաշտօնը: