
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ. Էն.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան ճարտարարուեստի նախարար Եաւեր Ճամալով յայտարարեց, թէ Պաքու բանակցութեանց մէջ է չինական երկու ընկերութեանց հետ, հեռահաս հրթիռներ գնելու նպատակով: Ան մերժեց բացայայտել չինական ընկերութեանց անունները, սակայն յստակացուց, թէ նման հրթիռներ գնելը Պաքուի իշխանութեանց առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է ներկայիս:
Ճամալով այս հարցազրոյցը տուած է Պոլսոյ մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ պաշտպանութեան ճարտարարուեստի միջազգային տօնավաճառ մը:
Նախարարը նաեւ յայտնած է, թէ տօնավաճառին առաջին օրը Ատրպէյճանի տաղավարը այցելողներուն շարքին եղած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, ու աւելցուցած է, թէ իր այս ացելութեան ընթացքին վերջնականացուցած է Թուրքիոյ հետ միասնաբար 105 մմ. ու 120 մմ. տարողութեամբ հրթիռներ ու հրթիռարձակներ արտադրելու ծրագիրին հա-մաձայնագիրը: