
ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մնայուն առաքելութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ամառնային վարժողական ծրագիրը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 5-29ի միջեւ, Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ:
Մասնակիցները առիթը պիտի ունենան աշխատելու առաքելութեան անձնակազմին հետ, պիտի պատրաստեն տեղեկագիրներ ու պիտի կատարեն ուսումնասիրութիւններ՝ աւելի մօտէն ծանօթանալով Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն:
Ծրագիրին կ՛օժանդակէ նաեւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Նիւ Եորքէն չեղող մասնակիցներուն համար ձրի կեցութիւն պիտի տրամադրուի, իսկ դիմումնագիրները պէտք է յանձնուին մինչեւ Մայիս 20: Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են, կրնան այցելել հետեւեալ կայքէջը՝ anca.org/UnInternship: