ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Սուրիոյ վարչակարգին ուղղուած շարք մը ամբաստանութիւնները եւ այն պնդումները, թէ Անգարա կրնայ ժողովրդավարական դասեր տալ Դամասկոսին, երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ լուրջ լարուածութիւն ստեղծած են:
Ըստ երեւոյթին, աշխարհի բոլոր հարցերը լուծելու փափաք ունեցող Թուրքիոյ «բարիացակամ» առաջարկները բոլորին կողմէ գրկաբաց չեն ընդունուիր:
Էրտողան ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, հակազդեց սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին մէջ Հինգշաբթի, Մայիս 12ին լոյս տեսած եւ Թուրքիան քննադատող յօդուածին։ Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար մերժել իր ժողովուրդին «ժողովրդավարականացման կարեւոր պահանջները», եւ ան պէտք է անմիջական բարեկարգումներու ձեռնարկէ, որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան ընթացքը «ետ դարձի ճամբայ չունի»։ Էրտողան դարձեալ նշեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները թրքական «ներքին հարց» կը նկատէ, որովհետեւ Թուրքիա Սուրիոյ հետ 800 քիլոմեթր երկարութեամբ սահման ունի եւ երկու պետութիւններուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին։ Ան յայտնեց, թէ Ասատ իրեն մտերիմ բարեկամն է եւ անոր հետ ընտրական համակարգի փոփոխութեան, բազմակուսակցական դրութեան հաստատման եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման շուրջ «երկարատեւ զրոյց» ունեցած է։ Էրտողան ըսաւ, որ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Սուրիոյ մէջ սկսած ցոյցերէն առաջ Դամասկոսի առաջարկած է ժողովրդավարական դասեր տալ սուրիացիներուն, սակայն ցաւ յայտնեց, որ առաջարկը մերժուած է: Էրտողան միաժամանակ յոյս յայտնեց, որ Ասատ հարկ եղած միջոցառումները կ՛որդեգրէ՝ կացութիւնը զսպելու համար:
Էրտողանի «խրատ»ները լուրջ քննարկումի նիւթ կրնան դառնալ միայն այն ատեն, երբ ան իսկապէս յարգէ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքները, եւ ոչ թէ ձեւական քայլերու դիմէ, պարզապէս Եւրոմիութեան համոզելու համար, թէ երկիրը կ՛ընթանայ դէպի ժողովրդավարութիւն:
Նաեւ, Դամասկոս ինչպէ՞ս կասկածներ պիտի չունենայ իսլամական արմատներ ունեցող Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նկատմամբ, երբ իր վարչակարգին սպառնացող գլխաւոր վտանգներէն մէկը կը նկատէ իսլամ արմատական շարժումը:
Էրտողանի կոչերը, բնականաբար, պիտի անտեսուին, մինչեւ այն ատեն, որ այլախոհները կը շարունակեն ապօրինի միջոցներով չէզոքացուիլ ու նոյնիսկ սպաննուիլ Թուրքիոյ մէջ, իսկ մտաւորականներ ու լրագրողներ կը մնան բանտարկուած եւ հալածանքներու ենթակայ:
Թուրքիոյ ամենաբանուկ քաղաքներէն սկսեալ, մինչեւ անոր լքեալ քրտաբնակ շրջաններէն ներս, նոյնիսկ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ իր հարցերը զէնքի ուժով լուծող երկիր մը, իրաւունք չունի ժողովրդավարութեան դասեր տալու իր դրացիին, երբ իր «ժողովրդավարութիւնը» հիմնուած է խախուտ հիմերու վրայ: