ՖՐԵԶՆՕ.- 2011 տարեշրջանին, Ապրիլ 24ը զուգադիպեցաւ Ս. Յարութեան տօնին:
Ամբողջ Աւագ Շաբաթը, կնոջս ընկերակցութեամբ, հետեւեցայ եւ մասնակցեցայ Ֆրեզնոյի Հայ առաքելական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարուող եկեղեցական արարողութիւններուն, իսկ Շաբաթ, 23 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 7:30ին՝ քայլարշաւ եւ դրօշակի արարողութիւն՝ քաղաքապետարանի շէնքին դիմաց, ժամը 12ին՝ «Արարատ» գերեզմանատան մէջ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին առջեւ հոգեհանգիստ, եւ երեկոյեան Ս. պատարագ, իսկ Կիրակի օր՝ փառաւոր Յարութեան ի յիշատակ՝ կրկին պատարագ:
Ինչպէս կը նշմարէք, բաւական զբաղ Աւագ շաբաթ մըն էր:
Երեկոյեան, երբ յոգնած տուն վերադարձայ, սեղանիս վրայ տեսայ ուրիշ յայտարարութիւն մը. «1915ի Մեծ Եղեռնի 96 Ամեակ», տեղի պիտի ունենար Երկուշաբթի, 25 Ապրիլ, 2011ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Երիցական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ շրջանիս չորս եկեղեցիներուն, բաւական ճոխ յայտագիրով:
Արժանապատուութեան հարց է. պէտք էր այդ տօնակատարութեան ներկայ գտնուէի, մանաւանդ որ եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Մկրտիչ Մելքոնեանը հանդիսութեան փակման աղօթքը պիտի կատարէր. շատ կը սիրեմ մտիկ ընել կիրակնօրեայ ռատիօժամէն անոր տուած քարոզներուն եւ հանդիսութիւններու առթիւ անոր տուած պատգամներուն, որոնք միշտ կը վերջանան Պարոյր Սեւակի քերթուածներէն հատուածներով. վստահ էի, որ վերապատուելին, իր փակման աղօթքէն ետք, Սեւակեան շունչով բան մը պիտի ըսէր. հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուէր նաեւ բարեկամս՝ Տաճատ Եարտըմեան վարդապետը:
Այս մտածումներով գլուխս բարձին դրած՝ քնացայ:
Երկուշաբթի, 25 Ապրիլի երեկոյեան, փոխանակ 41րդ պողոտան առնելու, First-ը առի եւ շարունակեցի ճամբաս, առանց անդրադառնալու, որ այդ ճանապարհին վրայ կարմիր լոյսերը շատ են:
Քառորդ վայրկեան ուշացումով եկեղեցի հասայ եւ աթոռ մը գրաւելով՝ յայտագրին հետեւեցայ… Ռոզա Փաշայեան ամերիկեան քայլերգը կ՛երգէր. անոր յաջորդեց «Մեր Հայրենիք»ը, «Չարլի Գէյեան» վարժարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Պեն Գրիգորեանի: Ծովիկ Եարալեան-Գուդումեան գրաւիչ ձայնով մեկնաբանեց Կոմիտասի «Հով Արէ՛ք»ն ու ամերիկեան երգ մը, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Նայիրա Շահսուվարեանի: Հայերէնի պատգամախօսն էր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեան, որ իբրեւ բնաբան ընտրած էր Եզեկէլ մարգարէի հետեւեալ հատուածը.
«Ինծի ըսաւ, այս ոսկորներուն վրայ մարգարէութիւն ըրէ ու անոնց ըսէ՝ ո՞վ չորցած ոսկորներ, Տիրոջ խօսքերը լսեցէք: Ահա ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք… պիտի գիտնաք, թէ ես եմ Տէրը»:
Տէր հայրը, անդրադառնալով արաբական աւազուտ անապատներու վրայ նահատակներուն անթաղ եւ չորցած ոսկորներուն՝ ըսաւ. «Մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներն ալ, օր մը պիտի կենդանանան»: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ապրիլ 24ի եւ Արեւմտեան Հայաստանի այլ քաղաքներուն մէջ պատահած երեւոյթներուն:
Օրուան երկրորդ պատգամաբերը՝ Սերժ Թովմասեանը, անգլերէն լեզուով փոխանցեց իր պատգամը: Միացեալ դպրաց դասը մեկնաբանեց «Տէր Ողորմեա՛»ն, ապա բեմ բարձրանալով՝ վեր. Մկրտիչ Մելքոնեան աղօթքով կատարեց փակման հանդիսութիւնը եւ ներկաները խանդավառեց Սեւակի եւ Ահարոնեանի հետեւեալ հատուածներով.
«Զարմանքով եմ ես միշտ նայում քո անցեալին,
Քո անցեալին՝ ե՛ւ տանջալից ե՛ւ պանծալի»:
«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ կարդայ հայուն նախատինք»:
Հանդիսութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Ուրախութեամբ ու հպարտանքով տուն վերադարձայ եւ շուրջիններուս պատմեցի Երիցական Առաջին եկեղեցւոյ հանդիսութենէն ստացած լաւ տպաւորութիւններս:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ