
ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիս 18ին, Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Եւրոխորհրդարանի ղեկավար Եժի Պուզեք յայտարարած է, թէ Եւրոմիութիւնը եւ Եւրոխորհրդարանը ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումը կը տեսնէ համապարփակ կարգաւորումով, որուն պէտք է պատրաստուին հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդները:
Ըստ անոր, Եւրոխորհրդարանը Լեռնային Ղարաբաղը չի դիտարկեր իբրեւ ինքնուրոյն միաւոր եւ միշտ կը խօսի պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան մասին: Պուզեք ընդգծած է, որ ատիկա բոլորովին չի նշանակեր, թէ պէտք է մոռցուին այդ տարածքներուն մէջ ապրող շարքային մարդոց կարիքները, օտար երկիրներու քաղաքացիներուն հետ շփուելու, շրջագայելու ցանկութիւնը. «Մենք պէտք է այդ մարդոց մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերենք անկախ քաղաքական հակամարտութեան չլուծուած ըլլալէն: Աւելի լաւ է բարեկամութեան ձեռք մեկնել, քան պատերազմիլ», ըսած է Պուզեք, աւելցնելով, որ Եւրոպայի ամբողջ տարածքին պէտք է անվտանգութեան երաշխիքներ ստեղծել:
Ան նկատած է նաեւ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու համար հարկաւոր է նախապատրաստել հակամարտող կողմերուն հասարակութիւնները:
Եժի Պուզեք յայտարարած է, թէ 2008 Մարտ 1ի իրադարձութիւններուն հարցով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ խորհրդարանի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ ունեցած է բաց քննարկումներ։ Անոր խօսքով, Հայաստանի ղեկավարութեան հետ հանդիպումներուն ընթացքին ան ընդգծած է, թէ Մարտ 1ի հարցը Հայաստանի բաց վէրքն է, եւ պէտք է անպայման լուծուի: «Հանդիպումներու ընթացքին Հայաստանի ղեկավարութիւնը ինծի հաւաստիացուց, որ ներկայիս կ՛ընթանան քննչական գործողութիւններ եւ խոստացաւ հնարաւոր ամէն ինչ ընել՝ իրադարձութիւններու բացայայտման համար: Անոնք նաեւ հաւաստիացուցին, որ իւրաքանչիւր դատապարտեալի վերաբերեալ հետաքննութիւնը կ՛ընթանայ, եւ ատիկա արդար պիտի ըլլայ», նշած է Պուզեք՝ յիշեցնելով, որ Հայաստանի նախագահը 2010ին խոստացած էր լուրջ փոփոխութիւններ ընել: «Եկէք հաւատանք անոր: Այդ իմաստով դուք կը գտնուիք ճիշդ ճանապարհի վրայ», աւելցուցած է Եւրոխորհրդարանի ղեկավարը:
Պուզեք շեշտած է նաեւ, որ Հայաստանը եւ իշխանութիւնները պէտք է ընտրեն երկրի հետագայ զարգացման ուղին: «Եւրոպան չի կրնար ճնշում բանեցնել այդ հարցով: Բայց մենք կրնանք օգնել՝ մեր փորձը փոխանակելով», նշած է Պուզեք:
Եւրոխորհրդարանի ղեկավարը նաեւ յայտնած է, թէ ինք կը գտնուի հայերու եւ եւրոպացիներու տան մէջ, քանի որ Հայաստանը նաեւ Եւրոպա է։ Անոր խօսքով, ԵՄի համար շատ կարեւոր հարեւան է Հայաստանը, մանաւանդ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ: Ան նաեւ մէջբերած է հանրահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի խօսքերը. «Ձմեռէն ետք քեզի համար կենաց ծառ կը ծաղկի, Հայաստա՛ն»:
Պուզեք ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ ԵԽի միջեւ համագործակցութիւնը առաւել արդիւնաւէտ պիտի դառնայ արժէքային համակարգի ներդաշնակեցման պարագային:
Նշենք, որ նոյն օրը, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ դրած Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին եւ այցելած Ցեղասպանութեան թանգարանը: