ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի ժողովուրդները իրենց ետին ունին ամբողջ պատմութիւն մը, որուն իւրաքանչիւր էջը կրնայ հիմնաւորել անոնց արդարացի թերահաւատութիւնը նախագահ Պարաք Օպամայի երէկուան ճառով արտայայտուած վեհ սկզբունքներուն նկատմամբ, որոնք իբրեւ թէ պիտի դառնան առանցքը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այդ տարածաշրջանի նորացուած ռազմավարութեան:
Ի՞նչ դեր պիտի խաղայ Ամերիկան Մերձաւոր Արեւելիք մէջ: Այս հարցումը արդէն իսկ կը հակասէ ժողովրդավարութեան սկզբունքները յարգելու յայտարարութիւններուն: Եթէ այդ տարածաշրջանի ժողովուրդները իրենք պիտի որոշեն իրենց ապագան, ապա ի՞նչ դերակատարութիւն կ՛ուզէ ինքնիրեն իրաւաշնորհել Ամերիկան: Իսկ եթէ այդ դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ իսկապէս ի նպաստ ժողովրդավարական ուժերու յաղթանակին, ապա, նախագահ Օպաման չի կրնար այնքա՛ն միամիտ ըլլալ չանդրադառնալու համար, որ տակաւին իր երկիրը շատ հեռու է իր ռազմավարութիւնը մշակելու ատեն սկզբունքայնութեան չափանիշները պահպանելէ, եւ որ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան շարժիչ ուժը կը մնայ «ազգային անվտանգութեան» ընդհանուր կարգախօսի մը տակ ծածկուած նեղ շահադիտական հաշուարկը, որ կրնայ որեւէ ժամանակ, որեւէ ժողովրդային պոռթկումի հանդէպ թշնամի դարձնել այս երկիրը:
Ամերիկայի շահերը արդարութեան ու ժողովրդավարութեան համար պայքարող շարժումներու իղձերուն ու յոյսերուն համատեղելի դարձնելու Օպամայի յաւակնութիւնը կը փշրուի կարկինի պարզ լայնացումով մը, որ անմիջապէս պիտի մատնէ երկու չափ-երկու կշիռի քաղաքականութեան տակաւին կիրառուող մարտավարութիւնը՝ ԱՄՆի ազգային շահերուն համար ռազմավարական նշանակութիւն տրուած երկիրներուն մէջ:
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մարդկային վեհ սկզբունքներու պաշտպանի ու ախոյեանի թիկնոցը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ Ամերիկայի ուսերուն հագցնել: