
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մէջ, Շաբաթ, Մայիս 21ին, կ.ե. ժամը 1-4, հայկական համայնքէն ներս ու Հայ Դատի աշխատանքներուն՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան հովանիին տակ գործող միութեանց ճամբով գործօն մասնակցութիւն բերելու հարցով քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ, հիւրընկալութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբի արհեստավարժներու ցանցին:
Ելոյթներ պիտի ունենան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ՀՅԴ »Շանթ« Ուսանողական միութեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի, Հայ Դատի յանձնախումբի արհեստավարժներու ցանցի, Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբի, ՀՕՄի, Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան եւ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչներ: Համակարգողն է իրաւաբան Այգ Տիքիճեանը:
Մուտքը ազատ է, իսկ Հոլիվուտի նոր Հայ կեդրոնին հասցէն է՝ 1559 North Kenmore Avenue, Los Angeles, CA 90027-5205: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Հայկ Յովսէփեանին, ancpn@ancawr.org հասցէով կամ (818) 500-1918 թիւով: