
1970ական թուականներուն, մեծ հռչակ շահած »The News« խումբին թմբկահար եւ երգիչ Արա Հաճեան, վերջերս արտադրած է անձնական նախաձեռնութեամբ նոր խտասալիկ մը, զոր ծանօթացնելու համար ելոյթներ սկսած է ունենալու Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ:
Այս ելոյթներէն մէկը տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Հոլիվուտի »Քի Քլապ«ին մէջ (9039 West Sunset Boulevard, West Hollywood, CA 90069), Յունիս 12ին: