
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Մայիս 22ին, տեղի պիտի ունենայ Ալեքսանտր Սատոյեանի ստեղծագործութեանց նորագոյն ցուցահանդէսին բացումը, 401 N. Brand Blvd. Glendale, CA 91203 հասցէին գտնուող ցուցադրասրահին մէջ, որ այդ օրը բաց պիտի ըլլայ կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:
Սատոյեան ծնած է Երեւան եւ 1975ին շրջանաւարտ եղած է »Թերլեմեզեան« արուեստի դպրոցէն: Անոր գործերը ցուցադրուած են աշխարհի տարածքին տեղի ունեցած աւելի քան 100 ցուցահանդէսներու ընթացքին, ու կը գտնուին բազմաթիւ հաւաքածոներու մէջ:
Արուեստագէտին համացանցային կայքն է՝ www.alexandersadoyan.com: