Անցեալ Ուրբաթ, Մայիս 13-14ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովը գումարեց իր 39րդ նստաշրջանը (Մանրամասն թղթակցութիւնը տեսնել էջ 7ի վրայ):
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, յատուկ նամակով մը ժողովականներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած էր այն կարեւորագոյն խնդիրներուն վրայ, որոնք պէտք է դառնային նստաշրջանի օրակարգի առանցքային հարցեր:
Վեհափառին կողմէ ընդգծուած հարցերու շարքին էր՝ «հայ դպրոցի ապագային ապահովումը»: Բոլորս ալ գիտենք, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամը ծանր վիճակի մատնած է հայկական վարժարանները, որոնք յաջորդ ուսումնական տարեշրջանին իսկ լուրջ դժուարութիւններու առջեւ պիտի կանգնին:
Արդարեւ, բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք տարիներով, զոհողութեան գնով իրենց զաւակները հայկական վարժարան ուղարկած են, յառաջիկայ տարի իրենց ընտանեկան պիւտճէի լաւագոյն տնտեսումներով իսկ, անկարող կրնան ըլլալ հոգալու դպրոցական ծախսերը, եւ պարտաւորուած՝ դիմելու ամէնէն անբաղձալի քայլին՝ երեխաները զրկել հայ դպրոցի տաքուկ միջավայրէն:
Հայկական դպրոցներուն տիրութիւն ընելու, անոնց ձեռք երկարելու բարոյական պարտաւորութեան տակ ենք բոլորս, անհատ թէ միութիւններ, եւ կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետին ցուցաբերած նախաձեռնութիւնն ու պատրաստակամութիւնը՝ առաջնորդելու ու խրախուսելու ազգային կրթական կառոյցներուն թիկունք կանգնող ծրագիրները:
Առաւել ողջունելի է այն, որ վեհափառ հայրապետը անձնապէս որոշած է իր գործօն մասնակցութիւնը բերել դպրոցներու օժանդակման ծրագիրներուն՝ յառաջիկայ Հոկտեմբերին շրջանս կատարելիք իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին:
Հայապահպանութեան ամրաբերդերուն՝ հայկական վարժարաններուն, թիկունք կանգնելու Արամ Ա.ի առաջարկը մեր համայնքին համար պէտք է դառնայ ցուցմունք: Կրթական տարին կը փակուի արդէն ու շրջանաւարտից հանդէսներու, վկայականներու բաշխման արարողութեանց պարգեւած բերկրանքը մեզ պէտք է առաւել զգօն դարձնէ ու մղէ գործի:
Հոկտեմբերին, երբ վեհափառը այցելէ մեր համայնքը, մենք պէտք է հպարտութեամբ զեկուցենք, թէ ի՛նչ քայլեր առած ենք արդէն ընդհանրական այս մտահոգութենէն ձերբազատուելու՝ հայ դպրոցի պահպանման համար: