ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հետ կապուած հաւաքի մը մասնակցած Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Ըշըք Քոշաներ, քննադատած է Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները պատժելու գծով այդ օրերու թրքական իշխանութիւններուն քայլերը։
Ան շեշտած է, թէ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ Աթաթուրքի եւ անոր ընկերներուն պայքարը նոր ձեւով կը ներկայացուի։
Զօր. Քոշաներ պնդած է, թէ բազմաթիւ թուրք «հայրենասէրներ» անտեղի պատժուած են հայերու տեղահանութեան ընթացքին, անպատասխանատու եւ վատ վերաբերմունք ցուցաբերելու մեղադրանքով։ «Ազգային փոքրամասնութիւնները գոհացնելու համար, անոնց ներկայացուցիչները պաշտօններու կը նշանակէին՝ անոնց չպարտադրելով թրքերէնի օգտագործումը։ Յարմար առիթի պարագային, այդ իրադարձութիւնները կրնան կրկնուիլ։ Մենք պէտք է դաս քաղենք մեր պատմութենէն», նշած է Թուրքիոյ սպայակոյտի պետը։