
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Մարշըլ Էվընզ ելոյթ պիտի ունենայ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Յունիս 24-27ին կայանալիք Հայ Դատի խորհրդաժողովին ընթացքին, որուն պիտի մասնակցին երկրին տարբեր շրջաններէն համայնքային ղեկավարներ եւ գործիչներ:
Էվընզ դիւանագիտական շրջանակներու մէջ յարգուած անձնաւորութիւն մը եւ միջազգային յարաբերութեանց մէջ փորձառու մասնագէտ մըն է, որ պաշտօնազրկուած էր Միացեալ Նահանգներու նախորդ նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակարգին կողմէ, պարզապէս որովհետեւ ան հաստատած էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին համատեղ ջանքերով կազմակերպուած խորհրդաժողովին խորագիրն է՝ «Հայ Դատ 2.0: Ընկերային ցանցեր, ժողովրդային ուժ եւ խելացի ջատագովութիւն»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէրը ընդունելու Էվընզի որոշումը՝ աւելցնելով, թէ դեսպանը իր սկզբունքներուն հաւատարիմ կանգնելու կողքին, նաեւ կարեւոր նպաստ բերած է Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքներուն:
Խորհրդաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար, այցելել www.anca.org/conference կայքէջը: Արձանագրութեան ժամկէտը Մայիս 27ն է: