
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մայիս 19ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ:
Նախարար Քլինթըն, ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը կապուած են ամուր բարեկամութեամբ ու գործընկերութեամբ, եւ թէ յարաբերութիւնները հետզհետէ աւելի կ՛ամրապնդուին եւ կը զարգանան:
«Արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի հետ բազմաթիւ հանդիպումներ կայացած են եւ ես ուրախ եմ կրկին ընդունելով զայն Պետական քարտուղարութենէն ներս: Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունին այնպիսի բազմաբնոյթ կապեր, որոնք կը սկսին քաղաքականութենէն եւ կը հասնին մինչեւ անձնական յարաբերութիւններ եւ աւելին, ինչ որ մեզի համար շատ կարեւոր է: Մենք մեծ նշանակութիւն ունեցող հարցեր պիտի քննարկենք, եւ ես կ՛ակնկալեմ, որ պիտի շարունակենք մեր այդ կարեւոր երկխօսութիւնը», ըսած է Քլինթըն:
Նախարար Նալբանդեան, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով Ուաշինկթըն այցելելու հրաւէրին համար՝ ըսած է. «Մեր հանդիպումներուն յաճախակիութիւնը կը վկայէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները առաւել խորացնելու եւ ամրապնդելու մեր յանձնառութեան մասին. վերջին տարիներուն ընթացքին, մենք, համատեղ ջանքերով, որակապէս նոր մակարդակի վրայ բարձրացուցած ենք մեր համագործակցութիւնը»:
Հայաստանի եւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու տարբեր բնագաւառներուն վերաբերող հարցեր, տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման հնարաւորութիւններ, Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու դրական ընթացքը եւ տարածաշրջանային հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին Է. Նալբանդեան եւ Հիլըրի Քլինթըն միտքեր փոխանակած են արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ: Հ. Քլինթըն ընդգծած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորումը հնարաւոր է բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, եւ նշած, որ ԱՄՆն, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, պիտի շարունակէ իր լիակատար աջակցութիւնը հակամարտութեան կողմերուն միջեւ համաձայնութիւններու ձեռք բերման եւ հիմնախնդիրի հանգուցալուծման համար:
There is no need for a proof that political West has all means to make a mess of any electoral process in any country.
Particularly, political west sells to erdogan for presidential election in June the “some solution to karabakh problem for brother-azeris”.
I do not get,
a) why Armenians have to give away even that small part of their homeland, in order to solve electoral issues of turks and assuage the global-hegemony ambition of the West?
b) Even worse, to give it away to azeris who get the posture of being somebody simply because Kaspian sea has an oil reservoir?