Ս. Մ.

Աշխատանքի երթ ու դարձի ճամբուս վրայ, կայ վառելանիւթի կայան մը, զոր ես ինծի համար ցուցանիշ ճշդած եմ սակերու ելեւէջին (խայտաբղէտ կայաններու սակացոյցերն ալ խայտաբղէտ են. կրնա՞ս բոլորին ելեւէջներուն հետեւիլ)։ Անցեալ ամիսներուն, անոր ցուցատախտակին վրայ հետեւած եմ սակերու արագ վերելքին։
Նկատեր էի, թէ ինչպէ՛ս՝ սկզբնական շրջանին, քանի մը օրը անգամ մը սակերը կը մագլցէին դանդաղօրէն։ Յետոյ, մագլցումը թափ ստացաւ. եղան օրեր, երբ սակացոյցը վերելք ցոյց տուաւ թէ՛ երթիս, թէ՛ դարձիս։
Պաշտօնական այս կողոպուտը շարունակուեցաւ մինչեւ անցեալ շաբաթ, երբ յանկարծ, Նիւթընի Ձգողութեան Օրէնքը սկսաւ իր ներգործութիւնը ունենալ ցուցատախտակին վրայ. սակերը բաւական անկում կրած են հիմա։
Կը մտածեմ. հաւանաբար քարիւղի ընկերութիւնները ինքնաբերաբար խղճի եկած են եւ որոշած են կողոպուտը մեղմել։ Փաստօրէն, ոչ ոք գանգատեցաւ սակերու բարձրացման դէմ (եթէ տունը, կամ՝ բարեկամներու հետ զրոյցի պահուն գանգատեցաք, դո՛ւք ալ գիտէք, թէ այդ գանգատները լսող ականջներու չեն հասնիր)։ Միջին Արեւելքը եռեւեփող ցոյցերուն պէս արարքներ տեղի չունեցան, ոչ ալ իշխանութեան տապալումի սպառնալիքներ։
Սակերու անկումը, ինչպէս նախընթաց շաբաթներուն արձանագրուած բարձրացումները, տրամաբանական բացատրութիւն չունին, ինչպէս որ անբացատրելի են… անոնց հանդէպ կրաւորական հանդիսատեսութիւնը։
Եթէ մօտիկ անցեալին բարձրացումները կը դիտուէին մտահոգ աչքերով, նուազումը վստահաբար կը դիտուի այն գոհունակութեամբ, որ կը բացատրուի հայկական հետեւեալ առածով.- «Եթէ Աստուած ուզէ աղքատը ուրախացնել, նախ էշը կորսնցնել կու տայ, յետոյ՝ գտնել կու տայ»։
Կրաւորականութեան պատճառները կարելի է փնտռել շատ տեղ, օրինակի համար՝ ելեւէջներուն մասին լրատու միջոցներու բացարձակ անտարբերութեան մէջ։ Արդեօք զանգուածային մամուլը երբեւիցէ հաղորդե՞ց, որ տակառ մը քարիւղի արտադրութեան սակը շուրջ 20 տոլար է, իսկ միջազգային սակարանին մէջ՝ 110 տոլար…։ (Բայց ատիկա… մեզի՞ ինչ)։
Հիմա հաւատա՞նք, որ մարդիկը խղճի եկած են ու սպառողին հանդէպ սէր-գուրգուրանք կը տածեն (անշուշտ ոչ՝ իրենց գրպաններուն չափ), թէ՞ եղածը պարզապէս միջնարար մըն է, աչքի փոշի ցանելու պէս բան մը։