– Պոլսոյ մէջ, հեծանիւի մը վրայ զետեղուած ականի մը պայթումին հետեւանքով, առնուազն 8 քաղաքայիններ վիրաւորուեցան Հինգշաբթի օր: Ոստիկանութիւնը արարքին պատասխանատու կը նկատէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը:
– Հարաւային Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած յարձակումի մը ընթացքին, ՆԱԹՕի անդամ 7 զինուորներ սպաննուեցան Հինգշաբթի օր, մինչ ուրիշ մը ուղղաթիռի արկածի զոհ գնաց երկրին արեւելեան շրջաններուն մէջ: Նաեւ, հիւսիսային Փաքիստանի մէջ տեղի ունեցած անձնասպանական յարձակումի մը զոհ գացին առնուազն 32 անձեր:
– 72 տարի գործելէ ետք, որոշուած է փակել «Պի.Պի.Սի.» ձայնասփիւռի կայանին թրքական բաժինը, ընկերութեան կողմէ ծախսերու կրճատման որոշումի որդեգրումէն ետք։ Այսուհետեւ, թրքական լեզուով բաժինը պիտի հաղորդուի միայն համացանցի եւ հեռատեսիլի միջոցաւ։