ՊԵԼԿՐԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Ցեղասպանութեամբ ամբաստանուած պոսնիացի սերպ հրամանատար Ռաթքօ Մլատիչ Հինգշաբթի, Մայիս 26ին, Սերպիոյ մէջ ձերբակալուեցաւ։ Անոր ձերբակալութիւնը կարեւոր խոչընդոտ մը կը վերցնէ Սերպիան Եւրոպական Միութեան անդամ դարձնելու գործընթացին առջեւէն:
Մլատիչ ամբաստանուած է 1992-1995 Պոսնիոյ պատրեզամին ժամանակ Սարայեւոյի 43 ամսեայ պաշարման ու Սրեպրենիցա քաղաքին մէջ պոսնիացի իսլամներու ջարդը կազմակերպելու յանցանքով: Սերպիոյ նախագահ Պորսի Թատիչ Պելկրատի մէջ լրագրողներու յայտնեց, թէ Մլատիչը Լա Հէյի պատերազմական ոճիրներու ատեանին յանձնելու գործընթացը ընթացքի մէջ է։ Ան աւելցուց, որ այս քայլը Սերպիոյ ուսերէն ծանր բեռ մը պիտի վերցնէ, եւ «մեր ցաւալի պատմութեան էջը կը փակէ»։
Եւրոմիութիւնն ու ՆԱԹՕն ողջունեցին Մլատիչի ձերբակալութիւնը:
69ամեայ Մլատիչ, որ բազմաթիւ սերպերու կողմէ հերոս մը կը նկատուի, ձերբակալուած է Պելկրատէն 60 մղոն հիւսիսարեւելք գտնուող Լազարեւօ գիւղին մէջ։