
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- «Եուրէյժանեթ» կայքէջի յօդուածագիր Ճաշուա Քուսերա կը գրէ, որ ռուս բարձրաստիճան զօրավար Անտրէյ Թրեթիաք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական գործողութիւններու վերահսկողութեան գրասենեակի պետն է, ռազմական փորձագէտներու հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հնարաւոր զարգացումները եւ Ռուսիոյ ծրագիրները։
Ըստ յօդուածագիրին, բաւական իրատեսական կը թուի, թէ Ղարաբաղի մէջ պատերազմի պարագային՝ Ռուսիան միջամտէ յօգուտ Հայաստանի։
Ռուս զօրավարը տարակարծիք գտնուած է քննարկումին մասնակիցներէն մէկուն այն տեսակէտին, թէ Ռուսիոյ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը ժանգոտին, եւ յստակ յայտարարած է, որ Ռուսիան պիտի կատարէ Հայաստանի նկատմամբ իր խոստումները։
Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ քննարկումի մը ժամանակ, զօր. Թրեթիաք համաձայն գտնուած է քննարկման մասնակիցներէն մէկուն այն կարծիքին, որ այս տարածաշրջանին մէջ պատերազմի վերսկսման վտանգը մեծ է, սակայն նշած է, որ ատիկա հետզհետէ կը նուազի, շնորհիւ Ռուսիոյ ջանքերուն։
Խօսելով այն մասին, թէ Ռուսիան չմիջամտեց Ղրղզիստանի տագնապին եւ ատիկա փորձութիւն էր Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) համար, զօր. Թրեթիաք ըսած է, որ ատիկա բոլորովին այլ կացութիւն էր։ Ան նշած է, որ Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք, Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ապահովական բաց պիտի յառաջանայ, եւ ՀԱՊԿ երկիրները կրնան այդ բացը լեցնել։