
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Կարապետեան անընդունելի եւ ինքնանպատակ կը համարէ պատուիրակութիւն ձեւաւորելու եւ արտահերթ ընտրութիւններու շուրջ բանակցելու մասին Հայ Ազգային Կոնգրեսին առաջարկը:
Պատասխանելով «Նովոսթի Արմէնիա» գործակալութեան այն հարցումին, թէ ի վերջոյ իշխանութիւնը կ՛ընդունի՞ երկխօսութիւն սկսելու՝ Հայ Ազգային Կոնգրեսին առաջարկը, եւ կը պատրաստուի՞ արդեօք համապատասխան պատուիրակութիւն ձեւաւորելու՝ Կարէն Կարապետեան ըսած է. «Դժուար չէ նկատել, որ այդ երկխօսութիւնը վաղուց է սկսուել, բաւականին արդիւնաւէտ ընթանում է եւ մի շարք դրական փոփոխութիւնների արդէն իսկ յանգեցրել է»:
Ըստ Կարապետեանի, ատիկա պարզապէս այնքա՛ն ակնյայտ է, որ երկխօսութիւն սկսելու մասին խօսիլը առնուազն տարակուսելի է: Անդրադառնալով պատուիրակութիւն ձեւաւորելու եւ արտահերթ ընտրութիւններու շուրջ բանակցելու առաջարկին՝ ան նշած է, թէ ե՛ւ առաջարկուող ձեւաչափը, ե՛ւ դրուող հարցը, ուղղակիօրէն ինքնանպատակ են եւ, ինչպէս դժուար չէր կռահել՝ անընդունելի. «Իսկ «պատուիրակութիւնների բանակցութիւններ» արտայայտութիւնն այնպէս ուռճացուած ու գունազարդուած է ներկայացւում, որ կարծես խօսքը վերաբերում է միջպետական բանակցութիւններին եւ ոչ թէ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն գործակցութեանը, որի իրականացման՝ աշխարհում տարածուած մեքենականութիւնները մեր երկրում կան, եւ որոնց վերջին տարիների ընթացքում աւելացել են նաեւ ՀՀ նախագահի կողմից առաջ քաշուած նոր ձեւաչափերը», ըսած է Կարէն Կարապետեան:
Անոր կարծիքով, հանրապետութեան մէջ առկայ բազմաթիւ խնդիրներու վերաբերեալ հասցէական քննարկումներու եւ մօտեցումներու ճշգրտման ուղղուած գործելաոճն է միայն, որ կրնայ դրական եւ ընդունելի արդիւնքներու յանգեցնել:
Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը նաեւ նշած է, որ միախառն իշխող կառավարութեան կուսակցութիւնները պատրաստ են աշխատելու բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ. «Մենք շարունակում ենք, յանուն Հայաստանի առաջընթաց զարգացման, բոլոր քաղաքական ուժերի հետ համագործակցելու մեր ջանքերը՝ կարեւորելով հնարաւոր արտաքին սպառնալիքներին համախմբուած դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը, երկրում համակարգային փոփոխութիւնների շարունակականութիւնը, դրանց նոր ազդակ հաղորդելն ու շօշափելի արդիւնքներ երաշխաւորելը:
«Այս տեսանկիւնից կոալիցիոն (միախառն) կառավարութեան կուսակցութիւնները պատրաստակամ են արդիւնաւէտ աշխատել բոլոր քաղաքական ուժերի, այդ թւում եւ՝ Հայ Ազգային Կոնգրեսի հետ, գործադիր իշխանութեան կառոյցներում եւ Ազգային ժողովում հանդէս գալով ՀԱԿի բոլոր իրականանալի եւ «յանուն» առաջարկներն առաջ տանողի դերում», ըսած է Կարապետեան: