
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, Յունիս 7ին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտնած է, թէ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է խաղաղապահ ուժերուն կապակցութեամբ, որոնք պիտի տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
Այդ ուժերը, ըստ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարին, ո՛չ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներէն, ոչ ալ տարածաշրջանի երկիրներէն պիտի ըլլան:
Մամետեարովի խօսքերով, Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը ներառուած է հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն մէջ: «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը պէտք է իրականացուի փուլ առ փուլ, եւ բոլոր փուլերը փոխկապակցուած են», ըստ «Թրենտ»ին՝ ըսած է Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարը եւ մանրամասնած. «Գանատայի մէջ իրականացած «Մեծ Ութնեակ»ի հանդիպման ընթացքին, սահմանուեցան այդ հարցին կարգաւորման հիմնական սկզբունքները. առաջին հերթին, գրաւուած տարածքներէն պէտք է դուրս բերուին հայկական զօրքերը, պէտք է բացուին բոլոր հաղորդակցութիւնները եւ ճանապարհները, այնուհետեւ պէտք է վերականգնուին աւելի շուտ գրաւուած տարածքները, հարկադրաբար տեղահանուածները պէտք է վերադառնան իրենց հայրենի հողը եւ պէտք է տեղակայուին խաղաղապահ ուժեր»:
Ան յայտնած է, որ նախօրէին Պաքու ժամանած ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները նոր առաջարկներ չեն բերած: Հանդիպումներուն ժամանակ, ըստ Մամետեարովի, հերթական անգամ միջնորդներուն ներկայացուած է Ատրպէյճանի դիրքորոշումը:
Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ըսած է նաեւ, թէ պատերազմը կանխելու համար, հայկական զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուին «գրաւուած տարածքներէն»:
«Բազմիցս յայտարարուած է դիպուկահարներուն հեռացնելու անհրաժեշտութեան մասին, բայց եթէ Հայաստանի զինուած ուժերը դուրս բերուին այդ տարածքներէն, ապ դիպուկահարները եւս կը փոխեն իրենց դիրքը», յայտարարած է Մամետեարով:
Այս «պէտք է…, պէտք է…, պէտք է…, պէտք է…, պէտք է…,»ները նոյն յանկերգն է։ Ասոնք նոյն թուրք մահաճըրներն են որոնք կուզեն Հայոց Աշխարհը՝ առանձ Հայու. ասոնցմէ՛ խաղաղութիւն մ՛ի սպասէք պատերզմելէ առաչ…-“si vis pacem parabellum”