
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի բանակին մէջ ծառայող զինուոր մը Ուրբաթ, Յունիս 17ին, իր զինակիցին վրայ կրակ բանալով՝ սպաննած է զայն: Ըստ տեղական աղբիւրներու, միջադէպը տեղի ունեցած է «հակամարտութեան հողի վրայ», սակայն յստակ չէ, թէ ո՞ւր է այդ «համակարտութեան» վայրը: Այլ զօրամասի մը մէջ, զինուոր մը ինքնաշարժի արկածի մը զոհ գացած է, երբ բախած է ծառի մը: