
ՓԱՐԻԶ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հայասէր եւրոխորհրդարանական (1981էն 1994ի միջեւ) Անրի Սապի մահացած է: Ան 1987ին Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան վաւերացուած բանաձեւը առաջ մղած երեսփոխաններէն մէկն էր: Ան նեցուկ կանգնած է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ շարք մը բանաձեւներու: