ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Այս թռչունին մասին միշտ ալ ժխտական տպաւորութիւն ունեցած են մարդիկ, ոչ միայն անոր գիշատիչ

ըլլալուն պատճառաւ, այլ շատ հաւանաբար անախորժ ձայնին համար, որ համաչափ ընդհատումներով ու կոկորդային կոպիտ եղանակի արտաբերումով զզուանք կը պատճառէ լսողներուն: Դեռ պէտք չէ մոռնալ նաեւ անոր սեւ սաթեայ գոյնը, որ դարձեալ զինք վանողական դարձնելու ամէն յարմարութիւն ունի:
Աստուածաշունչին մէջ մի քանի առիթներով յիշուած են ագռաւները, որոշ դերակատարութեամբ անշուշտ: Ամէն ոք «կը ճանչնայ» Նոյի արձակած ագռաւը, որ չվերադարձաւ տապան: Ընթերցողներուն միտքին մէջ այս ագռաւը միշտ ապերախտ ու իրեն բարիք ըրած մարդուն նկատմամբ անտարբեր թռչունի տպաւորութիւնը կը թողու: Անդին, սակայն, Քերիթ հեղեղատին մօտ պահուըտած Եղիա մարգարէն կերակրուեցաւ, Աստուծոյ հրամանով անոր հաց եւ միս բերող ագռաւներու կողմէ (Հմմտ Գ. Թգ 17.4):
Գիշատիչ այս թռչունը՝ ագռաւը, նաեւ իր արտաքին տգեղութեան համար իբրեւ օրինակ կը բերուի: Կ՛ըսուի, թէ ագռաւին ձագը, թռչնազգիներու տեսականիին մէջ ծնած ձագերուն ամէնէն տգեղն է: Այս օրինակը կը տրուի անոր համար յատկապէս, որ տարածուած ընդհանրական միտքին համաձայն, ամէն էակ իր փոքր տարիքին գեղեցիկ կ՛ըլլայ ու սիրելի բոլորին: Ագռաւը բացառութիւն կը կազմէ անոնց մէջ:
Քիչ չէ՛ թիւը այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ, կենդանական իրաւունքներու պաշտպան անձերու, ընկերակցութեանց, հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ մարդուն համահաւասար արժէք կ՛ուզեն տեսնել անասուններուն մէջ, եւ նոյնիսկ անոնց արտադրութիւնները՝ սկսեալ կաթէն մինչեւ միսը, անգործածելի յայտարարել: Այս մասին իր հաստատ համոզումը արտայայտող մէկը կ՛ըսէր. «Կովուն կաթը, միայն իր հորթուկին պէտք է վերապահել»: Համոզում է, որ իր բոլոր տարբերակներով թեր եւ դէմ կարծիքներ մէջտեղ նետած է աշխարհի մէջ: Արտայայտուած տեսակէտներուն մէջ անշուշտ կան չափազանցութիւններ, իսկ իրաւունքները միշտ ալ յստակ ու համոզիչ բացատրութեանց կը կարօտին:
Կենդանիներու նկատմամբ սիրոյ, գուրգուրանքի, հոգածութեան ու խնամքի չափազանցութեան արտայայտութիւններէն է՝ ոչ ընտանի կենդանիներու մարդոց տան մէջ պահուիլը, կամ անոնց տէրերուն կողմէ ընտանի կենդանի համարուիլը: Զարմանալիօրէն, մանուկներու մօտ սկսած է նշմարուիլ յատուկ կարեկցութիւն, յատկապէս վայրի կենդանիներու նկատմամբ: Սկսեալ անոնց նորածին վիճակէն մինչեւ վայրի գազան դառնալը, ոմանք կը խնամուին տան մէջ, եւ նոյնինքն տան երեխաներուն կողմէ…: Կենդանական բնազդային վտանգի ու անոր ահաւոր հետեւանքներուն անգիտակ մանուկներ, երբեմն իրենց փափուկ ձեռքերը կերով լեցուցած կը դնեն վայրի գազանին կլափը, առանց սոսկալու անոր սրածայր ու ահարկու ժանիքներէն:
Աւանդական ընտանիքի, կամ նախկին՝ յետամնաց ընկերութեան պատկանող անձեր տեսնելով նման երեւոյթներ, անպայման պիտի յիշէին ու յիշեցնէին հինէն եկող այն առածները, որոնք բնա՛ւ ժամանակավրէպ չեն դառնար: Ագռաւը իբրեւ ընտանի կենդանի տան մէջ խնամող մարդուն, անոնք անպայման պիտի ըսէին. «Ագռաւը խնամէ՝ որպէսզի աչքդ հանէ»: Առած անշուշտ ամէն տեսակի վայրի կենդանիներուն համար օգտագործելի է, սակայն այստեղ ագռաւը յատուկ նշանառութիւն ունի՝ զինք խնամողին ա՛չքը հանելու, ամէնէն թանկագին զգայարանքը փճացնելու եւ անոր բարիքներէն զրկելու իր տէրը: Ահա թէ ինչի մէջ կը կայանայ անոր «առաքելութիւնը», երբ նախապէս միայն բարիք հնձած է ան զինք խնամողէն:
Կարիճին համար միշտ ըսուած է այն խօսքը թէ իր բնազդին բերմամբ չի՛ կրնար զանազանութիւն դնել իրեն բարիք ընող, կամ՝ չարիք հասցուցած էակներուն միջեւ, ըլլան անոնք մարդ արարածներ, ըլլան անասնական տեսակներ, եւ նոյնիսկ ըլլայ անիկա նոյնիսկ ի՛ր տեսակէն: Սակայն կարիճը առանձին չէ՛ այդ բնազդային առաքելութիւնը իրագործողներուն մէջ:
Աստուծոյ ստեղծագործութեան մաս կազմող ամէն կենդանիներն ալ այս կամ այն չափով բնազդային հակազդեցութիւն ցոյց կու տան վտանգի ընթացքին: Մրջիւնները, եւ նոյնիսկ աւելի աննշան, ու պարզ աչքով դժուար նշմարելի միջատներն անգամ ինքնապաշտպանութեան միջոցներ ունին: Անոնք նոյնիսկ չեն անդրադառնար երբեմն, թէ այն՝ որուն դէմ կը մարտնչին, իրենցմէ աւելի զօրաւոր է ոյժով: Սա ինքնին փաստ է, թէ անասունները բնազդաբար կը հակադարձեն իրենց վտանգ սպառնացողին: Երբեմն կարելի է տեսնել մանրակազմ գանգռահեր շնիկներ, որոնք կատաղութեամբ հաջած միջոցին, ատամներու լրիւ շարուածքը ցուցադրելով կը փորձեն ետ մղել իրենցմէ շատ աւելի հզօր շուները:
Ագռաւն ալ իր հակազդելու բնազդով կը նոյնանայ միւս բոլոր անասուններուն, սակայն նաեւ կը պատկանի այն խումբին, որ նախայարձակ կրնայ դառնալ, կասկածելով թէ դիմացը գտնուողը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ, կամ պարզապէս «կարծելով» թէ անիկա թշնամական վերաբերում կրնայ ցուցաբերել իր նկատմամբ:
Ագռաւին նախայարձակ բնութիւնը, ամէն բանէ առաջ իր գոյութիւնը պահպանելու անգիտակից շարժում է: Հակառակ իր գիշատիչ ու վայրագ արտաքինին, նախայարձակ եղողին սիրտին մէջ քաջութիւնն ու վախը միշտ համահաւասար կշիռ կը պահեն: Սակայն, ատով հանդերձ կարելի չէ ամբողջական գիտակցութիւն ունեցող նկատել այդպիսիներ, որովհետեւ իրենց յարձակման զոհը կրնայ պատահական անձ ըլլալ, կամ ո՛չ մէկ դիտում ունենալ վնաս հասցնելու, եւ կամ՝ ո՛չ իսկ նախապէս վնաս հասցուցած անձ, որուն նկատմամբ ոխ պահած ըլլալով, ագռաւը իր «առաքելութիւն»ը ի կատար ածէ, կտուցին նշանառութիւնը ուղղելով դիմացը գտնուողի աչքին:
Գիշակեր այս թռչունը, ճի՛շդ է որ երբեմն հարկադրուած կ՛ըլլայ «գէշ»ով՝ դիակներով սնանիլ, սակայն նախընտրութիւնը միշտ դիակին աչքերուն կÿերթայ, նոյնիսկ երբ մահուամբ խաւարած տեսնէ զանոնք: Սա այն իմաստը ունի, թէ ագռաւին ոխակալութիւնն ալ ետ չի՛ մնար ուղտին ոխակալութենէն, որ յաճախ իբրեւ չափազանցուած ոխի օրինակ կը ներկայացուի մարդկութեան: Երբ գիտես թէ թշնամիդ մահացած է, ու ալ չի՛ տեսներ, ինչո՞ւ տակաւին անոր աչքերը կը փորես:
Մինչեւ այսօր գոյութիւն ունեցող որոշ ցեղախումբերու մէջ կը վերապրի տակաւին, «արեան դէմ արիւն», կամ Աստուածաշնչային բացատրութեամբ՝ «աչքի դէմ աչք» ոխակալ սկզբունքը, որ անցեալին արդարութեան օրէնք կը համարուէր: Երկխօսութիւնը եւ համապատասխան պատժական օրէնքները, ներկայ դարու արդարադատութեան քաղաքակիրթ մօտեցումներն են: Սակայն, այնպէս ինչպէս ագռաւին բնութիւնը կարելի չէ՛ փոփոխութեան ենթարկել, ու իր բնազդային կաղապարէն դուրս բերել, նոյնպէս ալ, վերոյիշեալ ցեղախումբերու մտածողութիւնը տակաւին կարելի չէ եղած համապատասխանեցնել արդի քաղաքակրթութեան, եւ այս առումով յոյսերն ալ շատ մշուշոտ ու հեռու կը թուին ըլլալ: Ի վերջոյ ագռա՛ւն ալ պիտի չկարենայ իր աստուածատուր բնազդէն հրաժարիլ: