
ԹԵՀՐԱՆ.- Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ եւ ԹՀԹ Կրթական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ նոյն խորհուրդին կից Մշակութային յանձնախումբի համագործակցութեամբ Շաբաթ, Յունիս 18ի երեկոյեան ՀՄ «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ 2011 թուականը Հայ մանուկներու տարի յայտարարուելու առթիւ կազմակերպուած աշակերտական գեղարուեստական ձեռնարկ, որուն ներկայ էին՝ սրբազան հայրը, Գրիգորիս քհնյ. Ներսիսեանը, Իրանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վեր. Սերգէյ Շահուերդեանը, ԹՀԹ Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական եւ Կրթական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ ծրագիրին մասնակցող աշակերտներու հարազատներ:
Տէրունական աղօթքէն ետք՝ ծրագիրի բացման խօսքով հանդէս եկան դպրոցական աշակերտներ՝ Գարունէ Բանդարի եւ Էդգար Դեհբաշեան, որոնք գեղարւեստական կատարումներու ընդմէջէն կ՛ընթերցէին Արամ Ա. կաթողիկոսի Հայ մանուկներու տարուան առիթով յղուած պատգամէն հատուածներ:
Ծրագիրը բաղկացած էր երկու բաժինէ, որուն ընթացքին ԹՀԹ Կրթական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ անցնող ամիսներուն ընթացքին կայացած Մշակութային փառատօնին յաջողած տարրական օղակի Գ., Դ. եւ Է. դասարաններու աշակերտները կատարումներ ունեցան՝ ասմունքով, դաշնամուրով, ջութակով, թմբուկով, թումբայով եւ քլարինետով: Ծրագիրը վարեց Մշակութային յանձնախմբի անդամ Անահիտ Գրիգորեանը:
Ձեռնարկի վերջաւորութեան բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդը՝ իր հայրական խօսքը ըսելու: Ան գնահատանքի խօսք ուղղելով Կրթական խորհրդին եւ անոր կից գործող Մշակութային յանձնախմբին եւ իրաւարար կազմին՝ Մշակութային փառատօն կազմակերպելու եւ մասնակիցներու մէջ լաւագոյններուն ընտրելու համար, ի միջի այլոց նշեց. «Վայելեցինք փոքրիկներու ճիգ ու ջանքով արուեստի տարբեր բնագաւառներուն մէջ գեղեցիկ կատարումները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր էութեան մէջ աշխարհ մըն է եւ այդ կատարումներու խորքը առանցքը կը կազմէ մեր կեանքի»:
Սրբազան հայրը իր խօսքի աւարտին ծնողներուն յորդորեց իրենց փոքրիկներուն նման փառատօներու մասնակից դարձնելով՝ զանոնք առաջ մղեն դէպի մեր ազգի ակունքները, որոնցմով անոնց մէջ կը յառաջանայ սէր դէպի գեղեցիկը, յանձնառութիւն եւ ազգային պատկանելութեան զգացում: