ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Յունիս 22ի երեկոյեան՝ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի: Ժողովին ներկայ էին ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, պետական նախարար զօր. Փանօս Մանճեան, երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Արթիւր Նազարեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ Սուրէն Խանամիրեան, Շահէ Պարսումեան, Սեպուհ Յոնանեան, Ալեն Թապուրեան, Աբրահամ Տէտէեան, Ճորճ Գասարճի, Նուրիճան Տեմիրճեան եւ խորհուրդի անդամ Կրեկուար Գալուստ:
Կառավարութեան կազմութիւնը կանխող ժամանակաշրջանի ընդհանուր քննարկումը կատարելէ ետք, նորակազմ կառավարութեան անդամ նախարարներ ժողովին ներկայացուցին աշխատանքային ծրագրումի պատրաստութեան ընդհանուր մթնոլորտը՝ նշելով միաժամանակ, որ թէ՛ հանրապետութեան նախագահը եւ թէ՛ վարչապետն ու նախարարները նախանձախնդիր են, որ այս կառավարութիւնը ըլլայ ամբողջ Լիբանանի կառավարութիւն, որ ո՛չ ներքին եւ ո՛չ ալ արտաքին գետնի վրայ ճակատումի տրամադրութիւն պիտի ունենայ:
Քննարկումի նիւթ դարձաւ շրջանային կացութիւնը եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ մէջ կատարուող անցուդարձերը: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ իրերու ներկայ դրութեան մէջ բոլոր լիբանանցիները միակամ ձեւով դիմագրաւեն ներկայ հանգրուանը եւ ամրացնեն Լիբանանի ազգային միասնութիւնը, ներքին համերաշխութիւնն ու երկրին անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ ազատութիւնները: