Չորեքշաբթի, Յունիս 22ի իր հաղորդագրութեամբ, ՀՕՄի կիդրոնակա վարչութիւնը կը յայտնէ, թէ Ճափոնի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, որպէս մարդասիրական կազմակերպութիւն, ՀՕՄը ձեռնարկեց աղէտեալներու օժանդակութեան համար հանգանակութեան: Այս ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄի բոլո՛ր միաւորները, սակայն յատկանշական եղաւ æաւախքի միաւորի պարագան, որ առաջինը եղաւ արձագանգելու կեդրոնական վարչութեան կոչին:
ՀՕՄի համահայկական ընտանիքին կողմէ հանգանակուած գումարը՝ 23,679.40, Լիբանահայ Օգնութեան Խաչի շրջանային վարչութեան միջոցաւ փոխանցուեցաւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան, որ անցնող տարիներուն յաճախակի կապի մէջ եղած է յատկապէս Պուրճ Համուտի մէջ գործող ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերա-Բժշկական կեդրոնին հետ: Այս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 21 Յունիս, 2011ին, երբ ՀՕՄի համահայկական ընտանիքը ներկայացնող ԼՕԽի պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ ՀՕՄի կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Տէր Պետրոսեանի, այցելեց Ճափոնի դեսպանատուն: Ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք Ճափոնի երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք զոհուածներուն համար, ԼՕԽի շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանի ձեռամբ ՀՕՄի նախաձեռնութեամբ հաւաքուած գումարը ներկայացնող վճարագիրը յանձնուեցաւ դեսպան Քոիչի Քաուաքամիին:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ճափոնական սերտ ու անկեղծ յարաբերութիւններուն եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ տարբեր միջոցներով կայացած համագործակցութեան: Ճափոնի դեսպանը ճափոնցի ժողովուրդին խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս ՀՕՄին՝ այս օժանդակութեան համար, շեշտելով որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի:
Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ 1988ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք Ճափոն եղաւ առաջին այն երկիրներէն, որոնք օժանդակութեան ձեռք երկարեցին հայ աղէտեալներուն: