
ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Օտրոնիուս Աժուպալիս, անդրադառնալով Քազանի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպումին՝ կոչ ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման ջանքերը շարունակելու։
«Ես կ՛ողջունեմ կողմերուն ջանքերը՝ փոխհամաձայնութեան հասնելու շարք մը հարցերու մէջ, որոնց լուծումը պայմաններ պիտի ստեղծէ հիմնարար սկզբունքներուն հաւանութիւն տալու համար», ըսած է ան։
ԵԱՀԿի պաշտօնական կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան համաձայն, Աժուպալիս կարեւոր նկատած է հրադադարի դրութեան ամրապնդումը եւ կոչ ուղղած ամրապնդելու նաեւ փոխադարձ վստահութիւնը՝ քաղաքացիական հասարկութեան ներգրաւումով, ինչ որ քննարկուած էր Մարտին, Հայաստան եւ Ատրպէյճան կատարած իր այցելութեանց ընթացքին։