
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Կիրակի, Յունիս 26ին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու օրուան նուիրուած զօրահանդէսին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ Պաքուի իշխանութիւնները ամէն ինչ պիտի ընեն ատրպեճանական բանակը առաւել եւս հզօրացնելու համար, որովհետեւ, Ալիեւի խօսքով, պատերազմը դեռ չէ աւարտած, այլ աւարտած է անոր առաջին մասը:
«Սպառազինութիւններու եւ թեքնիք կազմածներու գնումը պիտի շարունակուի։ Մենք ժամանակակից օդանաւեր, հրթիռային սարքեր, ռազմական փոխադրութեան ուղղաթիռներ կը գնենք: Ատրպէյճան ամէն ինչ կ՛ընէ՝ բանակի կարողականութիւնը բարձրացնելու համար. մենք պատերազմի պայմաններու մէջ կ՛ապրինք։ Այն երկիրը, որ կ՛ապրի պատերազմի պայմաններու մէջ, պէտք է առաջին հերթին ուշադրութիւն դարձնէ ռազմաշինութեան», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ այսօր Ատրպէյճանի պետական ամավարկին մէջ ռազմական նշանակութիւն ունեցող ծախսերը առաջին դիրքի վրայ են։
Ալիեւ ընդգծեց նաեւ, թէ Ատրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութիւնը» պէտք է ապահովուի։ «Ղարաբաղի նման բռնագրաւուած մեր հողերուն համար, եթէ պէտք ըլլայ, կրկին կը պատերազմինք», յայտարարեց Ալիեւ, միաժամանակ աւելցնելով. «Մենք պիտի շարունակենք այս ոլորտին մէջ դիւանագիտական ջանքերը»:
Ալիեւ նաեւ նշեց, թէ այս տարուան ընթացքին Ատրպէյճան 3.3 միլիառ տոլար պիտի ծախսէ ռազմական ոլորտին մէջ, մինչ այդ գումարը 2.15 միլիառ տոլար էր տարի մը առաջ, իսկ 2003ին՝ 160 միլիոն տոլար:
Յատկանշական է, որ Քազանի գերաստիճանէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած եւ Պաքուի «Ազատլըք» հրապարակին վրայ կայացած զօրահանդէսի տողանցքին մասնակցեցան 4 հազար զինուորներ եւ 400 զինուորական մեքենաներ ու կառքեր, որոնց միջեւ կը գտնուէին նաեւ հրասայլեր, ռուսական «Էս. 300» տիպի հրթիռներ ու Թուրքիայէն գնուած «Քոպրա» վաճառանիշով զրահաւոր կառքեր։
Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, այս մէկը Ատրպէյճանի անկախութենէն ի վեր ռազմական մեծագոյն տողանցքն էր: