
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Ուրբաթ, Յունիս 27ին սկսած Հայ Դատի խորհրդաժողովը յաջողութեամբ պսակուած է՝ ի մի բերելով Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ համայնքային ղեկավարներ եւ գործիչներ, ինչպէս նաեւ շարք մը մասնագէտներ:
Մասնակիցները քննեցին Հայ Դատի աշխատանքներուն դէմ նոր խոչընդոտները շրջանցելու եւ Հայ Դատը առաջ մղելու նորարար քայլեր որդեգրելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչուող երկու բանաձեւներուն վաւերացումը ապահովելու միջոցները:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին համատեղ ջանքերով կազմակերպուած խորհրդաժողովին խորագիրն էր՝ «Հայ Դատ 2.0: Ընկերային ցանցեր, ժողովրդային ուժ եւ խելացի ջատագովութիւն»:
Տեղի ունեցան նաեւ շարք մը մասնագէտներու կողմէ ներկայացումներ, աշխատանիստեր ու քննարկումներ, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներու ու անոնց խորհրդականներու հետ հանդիպումներ, ընկերային հաւաքներ, խորհրդակցելու բազմաթիւ ու բազմազան միջոցառումներ:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները նաեւ այցելեցին մայրաքաղաքի պատմական ու տեսարժան վայրերը, ապա Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ ներկայ եղան ընթրիքի մը՝ հիւրընկալութեամբ դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Ֆէյսպուք»ի կայքը: