ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովն է նորէն, եւ մենք աննախընթաց ակնկալութիւններ ունինք՝ հայ քաղաքական երթի մեր ըմբռնումներուն կառչած:
Մեր ազգը, իր քաղաքական միտքով եւ կազմակերպութիւններով, վարժ է սպասումի եւ ակնկալութիւններու քաղաքականութեան, բայց այս հանգրուանին քիչ մը աւելի շեշտակի կարեւորութիւն ունի այն հարցը, թէ այս Ընդհանուր Ժողովը ի՞նչ նկարագիր, ի՞նչ դիմագիծ պիտի տայ Դաշնակցութեան գործունէութեան:
Քաղաքական գործի դաշտը եւ հայ քաղաքական միտքի զարգացումը այսօր մտահոգիչ վիճակ մը կը պարզեն: Ահաւոր է այն միտքը, թէ Ընդհանուր Ժողովը անգամ մը եւս եւ շարունակականութեան սիրոյն՝ վերահաստատէ Դաշնակցութիւնը դիւանագիտական յարաբերութիւններու դաշտին մէջ, եւ սահմանէ իր գործը այսպէս ըսուած՝ շրջանային կամ միջազգային յարաբերութիւններու հաշիւներուն մէջ: Քաղաքական ահաւոր երեւոյթ է հայուն համար դիւանագիտութեան քաղքենի սահմանափակումներուն մէջ կաշկանդուած տեսնել դաշնակցական պայքարը:
Անշուշտ որ դաշնակցական գործունէութեան եւ կենսունակութեան չափորոշիչներ կան, ինչպէս կը ներկայացնէ Հրանդ Մարգարեանը Ընդհանուր Ժողովի իր բացման խօսքին մէջ: Այսուհանդերձ, կուսակցական ըմբռնումէ անդին, կան նաեւ աւելի կենսական չափորոշիչներ՝ հայ քաղաքական միտքի զարգացման եւ պետականութեան կառուցման համար: Վերջապէս, ի՞նչն է որ կը կառուցէ հայ քաղաքական զարգացումը: Ի՞նչն է, որ կը կառուցէ Հայաստանը պետականութիւն հասկացողութեան մէջ: Հոս այլեւս դուրս կու գանք Դաշնակցութեան՝ իբրեւ քաղաքական կուսակցութիւն սահմանումէն, եւ կը մտնենք քաղաքական այն ընդարձակ տարածքը, ուր յառաջդիմականութիւնը կառուցողական եւ զարգացման դեր կը խաղայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Քաղաքական ի՞նչ դիմագիծ կրնայ ունենալ Դաշնակցութիւնը 21րդ դարուն մէջ: Ընհանուր Ժողովը կրնայ դիւանագիտական պատշաճեցումներով հմուտ բանաձեւներ ընդունիլ եւ համաշխարհային դրուածքով պայմանաւորել Դաշնակցութեան ու Հայաստանի քաղաքականութիւնը: Կրնայ նաեւ դիւանագիտական տրամաբանութենէն անդին անցնիլ եւ իր որոշումները խարսխել ընկերաքաղաքական զարգացումներու տրամաբանութեան մէջ:
Վերջին հաշուով, չենք կրնար քաղաքական մեր գործունէութիւնը դիւանագիտական կաշկանդումներու ենթարկել: Ասիկա գործէն աւելի՝ միտքի կաշկանդում է:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ռազմիկ Շիրինեան քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր է: ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը տակաւին ընթացքի մէջ է Ծաղկաձորի մէջ: