
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, թէ Քազանի հանդիպման ընթացքին հայկական կողմը «չափէն աւելին պահանջեց», եւ անոր իբրեւ հետեւանք՝ կողմերը չեն կրցած համաձայնութեան գալ։
«Քազանի հանդիպումը ցոյց տուաւ, որ հայկական կողմը կ՛աղաւաղէ եօթնամեայ բանակցային գործընթացի էութիւնը», ըսած է ան, աւելցնելով, որ հակառակ այդ իրողութեան՝ կողմերը համաձայնած են շարունակելու բանակցութիւնները։ «Ես նոյնիսկ տպաւորութիւն ունիմ, որ նախագահները մտադիր են այդ ուղղութեամբ աշխոյժ կերպով աշխատիլ», ըսած է Մամետեարով։